*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
«Թայմզ աֆ Իսրայէլ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլի արդարադատութեան նախարար Այելեթ Շաքետ, Երեքշաբթի օր Թել Աւիւի մէջ խորհրդաժողովի մը ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնած է. «Մենք պէտք է հրապարակաւ կոչ ուղղենք` հաստատելու քրտական պետութիւն մը: Այս մէկը քայլ մըն է, որ պիտի տկարացնէ շրջանին մէջ Իսրայէլի մրցակիցները: Քիւրտիստանի մը հռչակումը Իրանը կ՛անջատէ Թուրքիայէն եւ Իսրայէլի նկատմամբ պիտի ունենայ բարեկամական վերաբերմունք»:
Վերոյիշեալ բազմանշանակ յայտարարութիւնը, մանաւանդ երբ ան կու գայ Հրէական պետութեան մէկ պատասխանատուէն ու անոր գործադրութիւնը կը վայելէ Իսրայէլեան պետութեան նեցուկը՝ շատ ալ հեռու կամ առասպելական չի թուիր, մանաւանդ եթէ անոր վրայ աւելցնենք վերի քարտէսին նման քարտէսներ, որոնք ամերիկեան աղբիւրներէ անընդհատ կը տարածուին համացանցին վրայ…:
Մեծ աշխարհագրագէտ կամ քարտէսագէտ մը ըլլալ չի կարօտիր անշուշտ գիտնալու, որ «Իրանը Թուրքիայէն բաժնող» սահմանգիծն ու սահմանամերձ հողատարածքը ուրիշ բան չէ՝ եթէ ոչ ներկայիս Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւեալ Արեւմտեան Հայաստանի հարաւ արեւելքը…։
Մեզի կը մնայ հարց տալ, թէ Հայկական ոեւէ կողմի մը հաւաքական կամ առանձնակի յուշատետրին վրայ օրակարգ հանդիսացա՞ծ է՝ այս հին ու նոր պարագան… եւ թէ մենք՝ Հայերս առանձնաբար կամ հաւաքաբար ի՞նչ կը մտածենք կամ ի գործ կը դնենք այս առնչութեամբ…։
Իսկ եթէ ոչ, ապա ի՞նչ կը սպասենք: Մեր պապերուն հիմնած Վանը անոր, որպէս մայրաքաղաք ունենալով՝ Քիւրտիստանի մը հռչակո՞ւմը…: