Վարեց՝ ԳԷՈՐԳ ՉԻՉԵԱՆ
Երգչուհի Տալիթան 2015 թուականի ընթացքին աչքի ինկաւ ստեղծագործական աշխոյժ գործունէութեամբ: Փառատօնի մասնակցութիւն, տեսահոլովակներ, ձայնասկաւառակի թողարկում: Իրադարձութիւններ, որոնք աւելի հանրային դարձուցին երգչուհին:
Նշենք, որ Տալիթան Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ – Հարպոյեան Վարժարանի հրաւէրով ատենին գտնուած է նաեւ Լիբանան, ուր տուած է յաջող ելոյթ մը:
«Հայերն Այսօր»ի հետ զրոյցի ընթացքին Տալիթան ամփոփած է «իր» 2015 թուականը.
– Տալիթա, եթէ ամփոփելու ըլլաս 2015 թուականը, ապա ան ինչպիսի՞ տարի էր քեզի համար:
– 2015 թուականը կարեւոր իրադարձութիւններով լի տարի էր: Յագեցած աշխատանքային օրեր ունեցած եմ, որոնք տուին իրենց ցանկալի արդիւնքները: Առանց տրտնջալու աշխատած եմ՝ փորձելով իրագործել առջեւս դրուած բոլոր խնդիրները:
–Ստեղծագործական ընթացքիդ ի՞նչ կարեւոր ձեռքբերումներ գրանցած ես:
– Նախ քանի մը երգ ձայնագրած եմ եւ երկու տեսահոլովակ նկարահանած: Տեսահոլովակներէն մէկը, որ կը կոչուի «Հայերինն է», նուիրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին: Երգի հեղինակներն են Անիթա Հախվերտեանը եւ ուսուցչուհիս` Էմմա Ասատրեանը:
Տեսահոլովակի միջոցով ես նոյնպէս ցանկացայ հոգիիս պարտքը կատարել հայոց անմեղ նահատակներու յիշատակին համար: Ի դէպ տեսահոլովակը նկարահանուած է Լիբանան` Սուրբ Խաչ Հարպոյեան վարժարանին կողմէ:
Անցնող տարուան ընթացքին հրաւէր ստացած եմ մասնակցելու Իտալիոյ «Վերտինոթէ» 33-րդ մրցոյթ-փառատօնին, ուր ներկայացուցի Հայաստանը: Այնտեղ կատարեցի փառատօնի կազմակերպիչներուն կողմէ նուիրուած “L’amore non avra`fine” («Սէրն անվերջ է») երգը:
Իտալիայէն վերադարձայ յաղթանակ տարած` արժանանալով «Ոսկէ նոթա» մրցանակին: Երգի հեղինակ մայեսթրօ Ալպերթօ Ֆլաւիօ Ֆուլկոնիի ցանկութեամբ, երգը ունեցաւ նաեւ անգլերէն եւ հայերէն տարբերակներ, որոնք Լոնտոնի մէջ դեռ պատրաստման փուլի մէջ են: Իսկ հայերէն տարբերակի հեղինակը երգահան Էտմոնտ Մակարեանն է:
Կարեւոր իրադարձութիւն էր իմ կողմէս ներկայացուած «Երեքը մէկում» նախագիծը, որ իր մէջ կը ներառէր “Welcome to Armenia” աոաջին ձայնասկաւառակիս շնորհանդէսը, «Crazy Generation» անգլերէնով երգիս տեսահոլովակի անդրանիկ ցուցադրութիւնը, որուն հեղինակներն են արտահանողներ Զառա Պետրոսեան եւ Զարինէ Մխիթարեան, նաեւ կենդանի հնչողութեամբ փոքրիկ համերգը` Bandi-ի ուղեկցութեամբ:
–Կը յիշե՞ս, թէ ամենայիշարժան Ամանորը ո՞ր մէկը եղած է քեզի համար:
– Չեմ կրնար առանձնացնել, քանի որ իւրաքանչիւր տարի ինծի համար յիշարժան եղած է իւրովի: Ան միշտ լեցուն է հետաքրքրական նուէրներով եւ անակնկալներով: Ծնողքս ամէն բան ըրած են, որ Ամանորի իրական հեքիաթը զգամ:
–Իսկ ինչպէ՞ս կը նշես տօնական օրերը առհասարակ:
-Ամանորը միշտ կը դիմաւորեմ տունը` ընտանիքիս հետ միասին: Կ’այցելեմ հարազատներուս, ընկերներուս տուները եւ միասին լաւ ժամանակ կ’անցնենք: Կը փորձեմ նաեւ խոհանոցին մէջ մայրիկիս օգնել ` միասին տարբեր տօնական ուտեստներ պատրաստելով:
–Տալիթա 2016 թուականի ընելիքներդ արդէն ուրուագծա՞ծ ես, ի՞նչ նոր ծրագիրներով պիտի ներկայանաս հանդիսատեսին:
2015 թուականը յաջող տարի էր ինծի համար: Յոյսով եմ 2016ն ալ յուսախաբ չ՛ըներ:
Ընելիքները շատ են։ Կ’ակնկալեմ նոր հրաւէրներ, համագործակցութիւններ, երգեր եւ տեսահոլովակներ: Եկող տարի յատկապէս ուշադրութիւն պիտի դարձնեմ բարձրագոյն կրթութիւն ստանալու, այդ ուղղութեամբ աշխատանքներ կը տանիմ եւ ժրաջանօրէն կը սորվիմ:
Վերջաւորութեան օգտուելով առիթէն, կը ցանկամ շնորհաւորել հայ ժողովուրդի Ամանորն ու Սուրբ Ծնունդը` մաղթելով աշխարհին խաղաղութիւն, բոլորի ընտանիքներուն ջերմութիւն եւ երջանկութիւն, իսկ սրտերուն սէր, հաւատք եւ բարութիւն: