Ուրբաթ, 20. 06. 2025

spot_img

Սուրիահայ Ընտանիքներու Աջակցութեան Ծրագիրները Պիտի Շարունակուին Նաեւ 2016 Թուականին

Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի յանձնարարութեամբ, Երեւանի քաղաքապետարանի եւ մայրաքաղաքի վարչական շրջաններուն կողմէ, 2016 թուականին եւս պիտի շարունակուին սուրիահայ ընտանիքներու աջակցութեան ծրագիրները: Այս մասին կը յայտնեն Երեւանի քաղաքապետարանի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:

2015 թուականին քաղաքապետարանին կողմէ համապատասխան դրամական եւ նիւթական օժանդակութիւն  ցուցաբերուած է 1400 սուրիահայ կարիքաւոր ընտանիքի, անոնցմէ 72ին «Էրեբունի-Երեւան 2797» տօնակատարութեան ծիրէն ներս: Մայրաքաղաքի մէջ բնակող սուրիահայ աւելի քան 160 ընտանիքներ ներառուած են՝ պետական ընկերային աջակցութեան ծրագիրներուն մէջ:

Մշտական ուշադրութեան ներքոյ են նաեւ քաղաքապետարանի ենթակայութեան մանկապարտէզներ յաճախող, ինչպէս նաեւ դպրոցական աւելի քան 700 սուրիահայ երախաներ: Փոքրիկներն ու պատանիները աշխուժօրէն կը ներգրաւուին կրթամշակութային տարբեր ձեռնարկներու մէջ:

Մայրաքաղաքի վարչական շրջաններու ղեկավարներու աշխատակազմերը եւս՝ պարբերաբար կ’աջակցին երեւանաբնակ սուրիահայ ընտանիքներուն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին