Չորեքշաբթի, 22. 01. 2025

spot_img

Սուրիահայութեան Ի Նպաստ Թելեթոն «Կեանք Մը Փրկենք»

*ԽԱՉԻԿ  ՃԱՆՈՅԵԱՆ*

Կիրակի, 21 Փետրուար 2016ին, կէսօրէ ետք ժամը 2-8, Լոս Անճելոսի հայութիւնը իր բոլոր խաւերով եւ ղեկավար մարմիններով պիտի ունենայ համագաղութային մեծածաւալ դրամահաւաք մը, ի նպաստ Սուրիոյ պատուական գաղութի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն:

Այդ օր տեղի պիտի ունենայ համա-ամերիկեան եւ համա-սփիւռքեան չափանիշով թելեթոն մը: Վստահ ենք, հայրենի մեր ժողովուրդն ալ իր մասնակցութիւնը կը բերէ այդ աշխատանքին, ի նպաստ Սուրիահայ մեր տառապահար հայրենակիցներուն:

Չորս տարի առաջ Սուրիոյ ժողովուրդը, որ վեհապանծ եւ հարուստ մշակոյթ ու պատմութիւն ունեցած է, այս ազնիւ ժողովուրդը ոճրագործ վոհմակներու եւ գայլերու բերանը ինկաւ: Անհոգի վարձկաններ թափեցան Սուրիոյ զանազան շրջանները եւ այս ամէնը կը կատարուին «իրենք զիրենք իսլամ հաշուող» իսլամական երկիրներու կողմէ ֆինանսաւորուելով:

Ամէն տեղ ահ, սարսափ, քարուքանդ վիճակ:

Օրեր շարունակ ժողովուրդը ջուրէ, կազէ եւ ելեկտրականութենէ զրկուած է: 250,000 սուրիացիներ սպաննուած են այս չորս տարուան ընթացքին, մօտ կէս միլիոն վիրաւորուածներ կան այդ երկրի մէջ պատերազմին պատճառաւ: Իսկ 3-4 միլիոն քաղաքացիներ ամէն ինչ թողած, լքած են երկիրը, դէպի դրացի կամ եւրոպական երկիրներ: Լուրերու մէջ ամէն օր կը լսենք եւ կը տեսնենք սուրիացիներու դիակներ, որոնք Միջերկրական ծովուն վրայ կը ծփան, ուրիշ երկիր գացող նաւակներու ընկղմելով:

Ահա այս կացութեան առջեւ, Լոս Անճելոսի հայ գաղութի քաղաքական երեք աւանդական կուսակցութիւնները, երեք յարանուանութեանց պետերը, Հ. Բ. Ը. Միութեան եւ Հ. Օ. Միութեան ներկայացուցիչներ Օգոստոս 2013ին հիմը դրին Սուրիահայութեան Օգնութեան Հիմնադրամին, որուն նպատակն է օգնութեան ձեռք երկարել Սուրիոյ մեր պատուական գաղութի զաւակներուն:

Արդարեւ այս Հիմնադրամին միջոցաւ եւ բոլոր միաւորներու տենդագին աշխատանքով, երկու տարուան ընթացքին կարելի եղաւ մօտ 1.2 միլիոն տոլար հաւաքել եւ Սուրիահայութեան շտապ օգնութիւն հասցնել: Անշուշտ շատ, շատ աւելի մեծ գումարներու կարիքը կայ, բայց եւ այնպէս որպէս առաջին քայլ այդ միջոցին դիմուեցաւ՝ յուսալով, որ մինչ այդ կացութիւնը կրնայ հանդարտիլ եւ ժողովուրդը իր ապահով կեանքին կը վերադառնայ: Դժբախտաբար այդպէս չեղաւ: Ընդհակառակը կացութիւնը աւելի վատթարացաւ եւ ասիկա պատճառ եղաւ, որ մեր հայրենակիցները ակամայ հեռանան երկիրէն, եւ մեծ թիւ մըն ալ մնայ Սուրիա, քանի որ այլեւս սպառած է իրենց նիւթականը:

Փառք ու պատիւ հայրենի մեր իշխանութեանց, որ խորապէս ըմբռնելով մեր ժողովուրդի դիմագրաւած դժուարութիւնները Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ, մայրական ամենաջերմ գուրգուրանքով ընդունեց մօտ 18 հազար Սուրիահայ մեր քոյրերն ու եղբայրները Հայրենիքի մէջ, անոնց ամէն տեսակ հոգեկան եւ նիւթական օժանդակութիւն հասցնելով:

Նմանապէս Սփիւռքի մեծագոյն բարեսիրական միութիւնը՝ Հ. Բ. Ը. Միութիւնը անմիջապէս օգնութեան հասաւ Սուրիոյ հայութեան՝ անոնց մօտ երկու միլիոն տոլարի ուտեստեղէն հայթայթելով, Ամենայն Հայոց Հայրապետը՝ Ն. Ս. Օ. Տ. Տ. Գրեգին Բ. եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գահակալը՝ Արամ Ա. իրենց ուղղակի կամ անուղղակի նպաստները հասցուցած են: Հալէպի Գարակէօզեան հիմնարկութիւնը, Լոս Անճելոսի մէջ գործող Սուրիոյ վարժարաններու Սանուց միութիւնները եւս աշխատանք տարին՝ օգնութիւն հասցնելու համար Սուրիոյ վարժարաններուն:

Սուրիահայութիւնը իր քանակով, որակով եւ նկարագիրով, վերջին հարիւր տարիներուն եղաւ եւ կը յուսանք, որ ներկայ ճգնաժամի լուծումէն ետք դարձեալ պիտի կարենայ շարունակել իր գործը, Սփիւռքահայութեան բաբախուն սիրտը հանդիսանալով: Այդ գաղութն է, որ տուած է մտաւորականներու, քաղաքական գործիչներու եւ բարերարներու մեծ հոյլ մը:

Կիրակի, 21 Փետրուար  2016-ին բոլորս միասիրտ եւ միասնական ոգիով ու ազգային ազնուագոյն պարտականութիւն մը կատարելու գիտակցութեամբ մասնակցինք այս դրամահաւաքին, մեծատունը իր գանձով, համեստ աշխատաւորը իր լումայով, մտաւորականը իր խօսքով ու գրիչով, կղերականը իր աղօթքով եւ օրհնութեամբ, բայց մանաւանդ արուեստագէտները իրենց երգ ու երաժշտական ելոյթներով, նեցուկ կենանք այս մարդկային ու ազգօգուտ Սուրբ Գործին, իւրաքանչիւրը իր լուման ներդնելով, որպէսզի Սուրիոյ մէջ ապրող հայու մը կեանքը փրկենք:

Այո այդ օր, գաղութիս մօտ 300է աւելի գործող միութիւնները, դպրոցական եւ ծխական շրջանակները, բժիշկները, իրաւաբանները, գործատէրերը, բոլորն ալ մարդկային ամէնէն ազնիւ ոգիով պիտի մօտենան այս դրամահաւաքին, իրենց սիրտերու հետ նաեւ իրենց գրպանները լայն բանալով այս գործին համար:

Կիրակի, 21 Փետրուար  2016ին, «հայը՝ հայով, հայուն համար» նշանաբանի ամէնէն ցայտուն օրինակը պէտք է որ տանք՝ մեր առատաձեռն նուիրատուութիւնները կատարելով Սուրիահայ մեր հայրենակիցներուն:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին