Յունուար 20-ի եւ լոյս 21-ին Ղարաբաղա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծին վրայ, հակառակորդը տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակած է աւելի քան 300 կրակոցներ: Այս մասին կը յայտնեն Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութենէն: Սահմանագիծի արեւելեան ուղղութեամբ ազրպէյճանական զինուժը կիրառած է նաեւ 82 միլիմեթրանոց ականանետ /2 արկ/:
Պաշտպանութեան Բանակի յառաջապահ զօրամասերը կը շարունակեն լիարժէք վերահսկողութիւն պահպանել առաջնագիծին վրայ եւ վստահօրէն իրականացնել իրենց առջեւ դրուած մարտական խնդիրը: