Այս տարի կը լրանայ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան 25ամեակը:
Այս տօնին առիթով Արցախի կառավարութեան եւ «Երեւանի Արարատ քոնեաքի-գինիի-օղիի գործարան»ի ու «Ստեփանակերտի քոնեաքի գործարան»ի համագործակցութեամբ, պիտի թողարկուի տասը հազար շիշ` 25 տարեկան յոբելինական քոնեաք, իր «Ֆէյսպուք»ի էջին մէջ գրած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան (ԼՂՀ) փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան:
Ըստ ԼՂՀ փոխվարչապետին գրառման` վաճառքէն ստացուած ամբողջ հասոյթը պիտի ուղղուի ԼՂՀ Պաշտպանութեան բանակի կարողութիւններու բարձրացման:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը անկախութեան հռչակագիրը ընդունած է 1991 թուականի Սեպտեմբեր 2-ին` Լեռնային Ղարաբաղի մարզային եւ Շահումեանի շրջանային խորհուրդներու համատեղ նստաշրջանի ընթացքին` ժողովրդական պատգամաւորներու կողմէ: