Կիրակի, 22. 06. 2025

spot_img

Տինքի Մահուան Տարելիցի Օրը Ցեղապաշտական Գրութիւն Եղած Է Պոլսոյ Հայկական Դպրոցի Մը Պատին Վրայ

Յունուար 19-ին կը լրանայ պոլսահայ լրագրող եւ հրապարակախօս, «Ակօս» հայկական շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութեան 9-րդ տարին: Տինքի մահուան տարելիցի օրը, Կ. Պոլսոյ Սկիւտար թաղամասին մէջ գտնուող՝ Գալֆայեան հայկական դպրոցի պատին վրայ յայտնուած է ցեղապաշտական գրութիւն մը: Այդ մասին ըստ Akunq.net-ի կը հաղորդեն թրքական լրատուամիջոցները:

Աղբիւրին համաձայն պատին վրայ մասնաւորաբար գրուած է «Ստրուկ հայ» արտայայտութիւնը: Նշենք, որ նախապէս ալ պատահած է, որ Տինքի մահուան տարելիցի օրը, Թուրքիոյ մէջ նկատուին հակահայկական ցեղապաշտական դրսեւորումներ, օրինակ փողոցի մէջ յայտնուին Տինքի մարդասպանին պէս` սպիտակ գլխարկներ կրող ոստիկաններ եւ այլն:

Աղբիւրը նաեւ կը յիշեցնէ, որ Գալֆայեան նախակրթարանն ու միջնակարգ դպրոցը հիմնադրուած են 1866-ին` Սրբուհի եւ Նշան Գալֆայեաններուն կողմէ: Դպրոցը Սթամպուլի Սկիւտար շրջան տեղափոխուած է 1971 թուականին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին