Երկուշաբթի, 09. 02. 2026

spot_img

Պրիւքսէլի Մէջ Կայացաւ Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն Համագործակցութեան Խորհուրդի 16-րդ Նիստը

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալպանտեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, Յունուար 18-ին մասնակցեցաւ Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած Հայաստան-Եւրոպական միութիւն համագործակցութեան խորհուրդի 16-րդ նիստին: Այս մասին կը տեղեկացնեն Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի ծառայութենէն:

Եւրոպական միութեան (ԵՄ) պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէին ԵՄ Խորհուրդի նախագահութիւնը ներկայացնող Նիտըրլանտներու արտաքին գործոց նախարար Պերդ Գունտըրսը եւ Եւրոպական յանձնաժողովի եւրոպական հարեւանութեան քաղաքականութեան եւ ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Եոհանէս Հանը:

Հայաստանի պատուիրակութեան մաս կը կազմէին ԵՄի մէջ ՀՀ առաքելութեան ղեկավար դեսպան Թաթուլ Մարգարեան, Տնտեսութեան նախարարի առաջին տեղակալ Գարեգին Մելքոնեան, արդարադատութեան փոխնախարար Վիգէն Քոչարեան:

Էտուարտ Նալպանտեանի նախագահութեամբ կայացած Հայաստան – Եւրոպական միութիւն համագործակցութեան խորհուրդի 16-րդ նիստին հանգամանալից քննարկուեցան՝ Հայաստան-ԵՄ համագործակցութեան յետագայ զարգացման նպատակով ձեռնարկուելիք քայլերը քաղաքական երկխօսութեան, յարաբերութիւններու ապագայ իրաւական հիմքին շուրջ անցեալ տարեվերջին մեկնարկած բանակցութիւններու, շարժունակութեան, մարդու իրաւունքներու, տնտեսական բարեփոխումներու, ԵՄի կողմէ Հայաստանի տրամադրուող աջակցութեան առնչուող հարցերը:

Բանալով նիստը նախարար Նալպանտեան ըսաւ. «2015-ը առանձնայատուկ տարի էր Հայաստան-ԵՄ համագործակցութեան համար: Մենք ականատես եղանք բարձր մակարդակի այցելութիւններու, անմիջական եւ կառուցողական երկխօսութեան, երկկողմ հանդիպումներու, տարբեր ոլորտներու մէջ Հայաստան-ԵՄ համաձայնագիրերու վերաբերեալ բանակցութիւններու: Հայաստան-ԵՄ յարաբերութիւններու նոր իրաւական շրջանակի բանակցութիւններու նախորդ ամսուան մեկնարկը՝ մեր յարաբերութիւններու մէջ նոր էջ է: Հաւատացած ենք, որ նոր համաձայնագիրը կ’արտացոլէ մեր երկկողմ յարաբերութիւններու ծաւալն ու խորութիւնը եւ փոխշահաւէտ համագործակցութեան համար կը սահմանէ նոր ուղենիշեր»:

Նախարար Նալպանտեան երախտագիտութիւն յայտնեց ԵՄին` Հայաստանին տարիներ շարունակ ցուցաբերած աջակցութեան եւ օժանդակութեան համար, որոնք նշանակալի դեր խաղցած են Հայաստանի մէջ բարեփոխումներու իրականացման եւ հիմնարկային կարողութիւններու զարգացման ու վերահաստատեց Հայաստանի հաստատակամութիւնը` խորացնելու Եւրոպական միութեան հետ տարբեր ոլորտներու մէջ եւ ուղղութիւններով համապարփակ համագործակցութիւնը` հիմնուելով վերջին տարիներու ձեռքբերումներուն վրայ, հաշուի առնելով ՀՀ պարտաւորութիւնները այլ միջազգային, ընդելուզման ձեւաչափերուն մէջ:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը ընդգծեց, որ ԵՄի հետ փոխգործակցութեան առաջնահերթութիւններու շարքին են շարժունակութիւնը եւ մարդկային յարաբերութիւններու խթանումը: Այս ծիրին մէջ նախարար Նալպանտեան նշեց, որ 2014 Յունուարին ուժի մէջ մտած ԵՄ–Հայաստան մուտքի արտօնագրային վարչաձեւի դիւրացման եւ հետընդունման մասին համաձայնագիրերը, ճանապարհ կը հարթեն դէպի մուտքի արտօնագրային վարչաձեւի ազատականացման վերաբերեալ գործընթացի մեկնարկը, որ հնարաւորութիւն պիտի տայ ապագային հասնելու Հայաստանի քաղաքացիներու համար մուտքի արտօնագրային վարչաձեւի վերացման:

Էտուարտ Նալպանտեան կարեւոր համարեց նաեւ Գործընկերութեան եւ համագործակցութեան համաձայնագիրին կից` կողմերու միջեւ ստորագրուած Արձանագրութեան ուժի մէջ մտնելը, որմով Հայաստանը կրնայ մասնակցիլ ԵՄ ծրագիրներու լայն շրջանակի եւ համագործակցելու ԵՄ տարբեր գործակալութիւններու հետ:

Հայաստանի տնտեսութեան նախարարի առաջին տեղակալ Գարեգին Մելքոնեան եւ արդարադատութեան փոխնախարար Վիգէն Քոչարեան, իրենց ելոյթներուն մէջ տեղեկացուցին կառավարութեան տնտեսական քաղաքականութեան, դատաիրաւական ոլորտի մէջ իրականացող բարեփոխումներու, 2015ի տնտեսութեան եւ դատաիրաւական բնագաւառներու մէջ ԵՄի հետ համագործակցութեան արդիւնքներուն մասին:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը Խորհուրդին ներկայացուց՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին առիթով աշխարհի տարածքին տեղի ունեցած ձեռնարկները եւ անոնց խորհուրդը, շնորհակալութիւն յայտնեց Եւրոպական խորհրդարանին, ԵՄ երկիրներուն` Ցեղասպանութեան հարցով անոնց սկզբունքային մօտեցման համար: Նախարար Նալպանտեան տեղեկացուց ցեղասպանութիւններու եւ մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւններու կանխարգիլման ուղղութեամբ՝ միջազգային հանրութեան ջանքերուն մէջ Հայաստանի աշխոյժ ներգրաւուածութեան վերաբերեալ եւ երախտագիտութիւն յայտնեց ԵՄ երկիրներուն` ՄԱԿ-ի ձեւաչափերուն մէջ հայկական նախաձեռնութիւններուն սատարելու համար:

Էտուարտ Նալպանտեան ներկայացուց ղարաբաղեան հիմնախնդիրի հանգուցալուծման բանակցային գործընթացի վերջին զարգացումները, Ազրպէյճանի ապակառուցողական եւ սադրիչ գործողութիւններուն հետեւանքով՝ Արցախի հետ սահմանագծին եւ Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին վրայ ստեղծուած իրավիճակը:

«Անցեալ տարի արձանագրուեցան Ազրպէյճանի կողմէ հրադադարի կոպիտ խախտումներու զգալի աճ, որոնց մէջ ծանր զինատեսակների օգտագործմամբ եղածները, որոնք բազմաթիւ մարդկային զոհերու պատճառ դարձան: ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահները հասցէական կոչեր յղեցին Ազրպէյճանին` զսպուածութիւն ցուցաբերելու, յարգելու հրադադարի համաձայնագիրը, հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման իր յանձնառութիւնները, չխոչընդոտել բանակցային գործընթացը, համաձայնիլ շփման գիծին եւ սահմանին վրայ հրադադարի խախտումներու հետաքննութեան ձեւաչափի ստեղծման», ըսաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը: Էդուարդ Նալպանտեան վստահեցուց, որ Հայաստանը պիտի շարունակէ համատեղ ջանքերը ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներուն հետ` ուղղուած ղարաբաղեան հակամարտութեան բացառապէս խաղաղ կարգաւորման:

Խորհուրդի նիստի օրակարգին էին նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային խնդիրներն ու անոնց լուծման ուղիները:

Խորհուրդի նիստէն ետք տեղի ունեցաւ Էտուարտ Նալպանտեանի եւ Պերդ Գունտըրսի համատեղ մամլոյ ասուլիսը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին