Ուրբաթ, 14. 02. 2025

spot_img

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Միացեալ Նահանգներու Կաթողիկէ Եպիսկոպոսներու Համագումարին Ներկայացուցիչները

Երկուշաբթի, 18 Յունուար 2016-ի առաւօտուն, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց Միացեալ Նահանգներու Կաթողիկէ եպիսկոպոսներու համագումարը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ Օսքար Քանթու եպիսկոպոսին: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին խորհուրդի Արդարութիւն եւ խաղաղութիւն գրասենեակին տնօրէնը` դոկտ. Սթեֆըն Քոլեքի եւ կաթողիկէ նպաստի ծառայութիւններ կազմակերպութեան Լիբանանի գրասենեակի պատասխանատու Տէյվիտ Պեռնոքի:

Պատուիրակութեան այս հանդիպումը կ՛իյնար Միջին Արեւելքի զանազան շրջաններ այցելութեան ծիրին մէջ, որուն աւարտին պատուիրակութիւնը իր տեղեկագիրները պիտի ներկայացնէ Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան խորհուրդին եւ Ծերակոյտին:

Վեհափառ հայրապետը յայտնեց, որ Սեպտեմբեր 2014-ին նախագահ Օպամային հետ հանդիպումի ընթացքին, հինգ պատրիարքներուն անունով իրենց մտահոգութիւնները արտայայտած է Միջին Արեւելքի ներկայ իրավիճակին ու յատկապէս քրիստոնեաներուն ունեցած դժուարութիւններուն մասին: Ապա վեհափառ հայրապետը վերլուծելով Միջին Արեւելքի ներկայ իրավիճակը, շեշտեց քրիստոնէութեան ներկայութեան կարեւորութիւնը` իբրեւ շրջանի ընկերութեան հիմնական տարրերէն մէկը եւ հաստատեց, որ բոլոր եկեղեցիները իրենց գերագոյն ճիգը կը թափեն՝ իրենց զաւակներուն անվտանգութիւնն ու շրջանին մէջ գոյատեւումը ապահովելու: Ան նշեց, որ միջազգային ընկերութիւնը եւս այս ուղղութեամբ աշխատանք պէտք է տանի:

Արամ Ա. կաթողիկոս անդրադառնալով ահաբեկչութեան երեւոյթին` զայն որակեց համաշխարհային վտանգ, որ ո՛չ ցեղային, ո՛չ կրօնական եւ ո՛չ ալ համայնքային պատկանելիութեանց միջեւ սահման կամ խտրութիւն կը դնէ: Ահաբեկչութեան հետեւանքները ամբողջ աշխարհին վրայ իր ժխտական անդրադարձը կ՛ունենան, հետեւաբար ՄԱԿ-ը եւ այլ միջազգային կազմակերպութիւններ պէտք է լուծումներու մասին մտածեն:

Վեհափառ հայրապետը վերջապէս խօսեցաւ Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնները առանց յապաղումի կատարելու անհրաժեշտութեան մասին` յիշեցնելով, որ Լիբանանի քրիստոնեայ նախագահի պաշտօնը կարեւոր է, որովհետեւ կը ներկայացնէ Միջին Արեւելքի մէջ բոլոր քրիստոնեաները:

Աւարտին վեհափառ հայրապետը պատասխանեց իրեն ուղղուած հարցումներուն: Իսկ պատուիրակութեան անդամները շնորհակալութիւն յայտնեցին վեհափառ հայրապետին կատարած վերարժեւորումներուն, վերլուծումներուն, իրապաշտ մօտեցումներուն եւ լուսաբանիչ տեղեկութիւններուն համար:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին