Երկուշաբթի, 10. 02. 2025

spot_img

Ամերիկեան Բարքեր

*ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ*

Օդանաւի Տարօրինակ Ճամբորդը

Գիտենք որ օդանաւի ճամբորդները ընդհանրապէս կ՛ըլլան մարդիկ, իսկ եթէ անոնց հետ կը ճամբորդեն իրենց ընտանի կենդանիները, անոնք կը զետեղուին յատուկ վանդակներու մէջ եւ կը տեղաւորուին ճամբորդատար պայուսակներու բաժինը։

Ընդունուած այս օրէնքը սակայն վերջերս ենթարկուած է որոշ փոփոխութեան մը, ըստ որուն ընտանի կենդանին կրնայ իրեն ուղեկցող ճամբորդին քովի աթոռը գրաւել՝ եթէ յատուկ պայմաններ ամբողջացնէ։

Ուրեմն ինչ են յատուկ այդ պայմանները։ Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ։

Եթէ բժիշկ մը յանձնարարէ, որ ճամբորդը պէտք ունի իր ընտանի կենդանիին ընկերակցութեան՝ բուժական պատճառներով (therapeutic benefit), օդանաւի ընկերութիւնը թոյլ կու տայ, որ ճամբորդը իր հետ առնէ իր ընտանի կենդանին։ Այդ ընտանի կենդանին կրնայ ըլլալ շուն, կատու կամ որեւէ այլ չորքոտանի։

Վերոյիշեալ պայմանը ամբողջացնելու համար, ճամբորդը պէտք է ախտաճանաչուի որպէս մարմնական, մտային կամ հոգեկան հիւանդութենէ մը տառապող հիւանդ։ Պատահած է, որ ընտանի շուներ բուժիչ դեր կատարած են քաղցկեղէ տառապող մանուկներու, երբեմն գէթ առժամապէս։

Իսկ մեր պատմութեան առանցքը կը դառնայ ճամբորդ մը, որ իր հետ օդանաւ բարձրացուցած է հնդկահաւ մը (տես նկարը)։ Բարեկամ, հնդկահաւը բուժիչ ինչ յատկութիւն կրնայ ունենալ, որ կարեկցի եւ նեցուկ կանգնի իր տիրոջ։ Բայց հոս Ամերիկա է եւ ամէն ինչ կ՛արտօնուի, եթէ հարկ եղած վաւերական փաստաթուղթերը ունենաս եւ ներկայացնես առ որ անկ է ու վերջ։

Գիտէինք, որ շունը մարդուն լաւագոյն բարեկամն է, ըստ օտար ըմբռնումներու։ Գիտէինք նաեւ, որ հնդկահաւը ամերիկեան առումով, գոհաբանութեան օրուայ (Thanksgiving) ճաշասեղանի ընդունուած ընթրիքն է։ Սակայն մեզի համար բոլորովին նորութիւն մըն էր,որ հնդկահաւը կրնայ բուժարար ազդեցութիւն գործել իր հիւանդ տիրոջ վրայ։ Ի՜նչ օրերու մնացինք, բարեկամ . . .։

Turkey

Ոճրագործի մը Շապիկը

Վերջերս մամուլի մէջ մեծ տեղ գրաւեց մեքսիքացի ոճրագործ Ուաքին Կուզման անունով թմրեցուցիչներու յայտնի մաքսանենգ մը, որ ճանչցուած է Թզուկ (El Chapo) ծածկանունով։

Սինելօա (Sinaloa) մաքսանենգութեամբ զբաղող կազմակերպութեան պետն է Կուզմանը, որ վեց ամիս առաջ բանտի իր խուցին մէջ փորուած նկուղի մը միջոցաւ փախուստ տուած էր, ամօթապարտ ձգելով Մեքսիքայի կառավարութիւնը։

Վերջերս Կուզման դարձեալ բռնուեցաւ Մեքսիքայի կառավարութեան կողմէ եւ առաջնորդուեցաւ նոյն բանտը, ուրկէ փախուստ տուած էր ամիսներ առաջ։Զարմանլի, մարդ նոյն սխալը երկրորդ անգամ կը գործէ՞։

Ան չբռնուած հարցազրոյց մը ունեցած էր ամերիկեան սինեմայի յայտնի աստղերէն Շան Բեննի հետ (Sean Penn)։ Կ՛ըսուի, թէ այդ հարցազրոյցը պատճառ հանդիսացած էր Կուզմանի թաքստոցի յայտնաբերման։

Վերոյիշեալ հարցազրոյցէն ետք Կուզման եւ Բենն նկարուած են, ըստ ընկալուած սովորութեան։ Այդ նկարին մէջ Կուզմանի հագած շապիկը արտասովոր կերպով հռչակ առած է եւ կոչուած Fantasy Shirt: Իսկ Barabasընկերութիւնը օգտագործելով այս պատեհ առիթը, անմիջապէս արտադրած եւ հրապարակ իջեցուցած է այդ շապիկէն օրինակներ (տես նկարը)եւ ծախու դրած 128 տոլարի։

Բայց զիս հետաքրքրող հարցը հետեւեալն է, ինչու այդքան սուղ վճարելով գնել ոճրագործի մը շապիկը եւ հագնիլ զայն։ Մարդիկ տարօրինակ են, իսկ իրենց արարքները արտասովոր, չէ՞ք խորհիր։

Հոս տեղին է յիշել, որ Կուզմանի կազմակերպութեան կը վերագրուին 34,000 ոճրագործութիւններ, իսկ ամերիկեան կառավարութիւնը կը ջանայ զինք բերել տալ Ամերիկա՝ որպէսզի արդարութեան յանձնուի, ամբաստանելով զինք թմրեցուցիչներու մաքսանենգութեամբ։

Նշենք, թէ Կուզմանի ընկերութեան թմրեցուցիչներու առեւտուրի թիրախը կը հանդիսանայ ամերիկացի ժողովուրդը, որուն համար Ամերիկան կ՛ուզէ դատապարտել զինք։

capture

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին