Յունուար 17-ի կէսօրին, զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն կողմէ հրթիռակոծուած են Հալէպի Մունշիէ, Ազիզիէ եւ Սաատ Ալլա Ճապրի շրջանները։ Այս մասին կը հաղորդէ Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթը։
Հրթիռակոծման թիրախ դարձած է նաեւ Մունշիէի շջանին մէջ գտնուող Հայ Աւետարանական Էմմանուէլ եկեղեցին, առաւօտեան պաշտամունքի արարողութենէն ժամեր անց։
Բարեբախտաբար մարդկային վնասներ չեն արձանագրուած, սակայն եկեղեցւոյ կառոյցը մեծապէս վնասուած է։
Հայ Աւետարանական Համայնքապետ Վեր․ Յարութիւն Սելիմեան այցելած է եկեղեցի՝ ստուգելու վնասներու տարողութիւնը։