Կիրակի, 06. 10. 2024

spot_img

Նախորդ Տարուան Համեմատ 774 Թոնով Աւելի Թարմ Պտուղ-Բանջարեղէն Արտահանուած Է

Յունուար 18-ի դրութեամբ Հայաստանի Հանրապետութենէն ընդհանուր առմամբ  արտահանուած է 1313 թոն թարմ պտուղ-բանջարեղէն` նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի 539 թոնի փոխարէն:

Ըստ News.am-ի՝ ՀՀ գիւղատնտեսութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ ներառեալ արտահանուած է 259 թոն վարունգ` նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի 0 թոնի փոխարէն, 197 թոն լոլիկ`  նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի 2 թոնի փոխարէն, 294 թոն գետնախնձոր` նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի 6 թոնի փոխարէն, 76 թոն կանաչեղէն`  նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի 32 թոնի փոխարէն:

Այսօրուան դրութեամբ հանրապետութենէն արտահանուած է  նաեւ  184  թոն խնձոր` նախորդ  տարուան նոյն ժամանակահատուածի 3 թոնի փոխարէն, 135 թոն խաղող` նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի 116 թոնի փոխարէն:

Հայկական թարմ պտուղ-բանջարեղէնը արտահանուած է Ռուսաստանի Դաշնութիւն, Վրաստան եւ Զուիցերիա:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին