Ուրբաթ, 18. 04. 2025

spot_img

Յայտնի Հայ Ճարտարապետը Կը Կառուցէ Մեքքայի Գլխաւոր Իսլամական Թանգարանը

Mossessian Architecture ճարտարապետական ընկերութիւնը, որ կը գլխաւորէ ֆրանսահայ յայտնի ճարտարապետ, Բրիտանական թագաւորական ճարտապետական ինսթիթութի անդամ Միշէլ Մոսէսեան, յաղթած է Սէուտական Արաբիոյ Մեքքա քաղաքի գլխաւոր իսլամական թանգարանի ստեղծման միջազգային մրցոյթին: Այս մասին ըստ news.am-ի կը գրէ De Zeen-ը:

Թանգարանի կառուցման կը սպասէ ամբողջ իսլամական աշխարհը: Ան պէտք է վեր յառնէ Մեքքայէն 7 քմ հեռաւորութեամբ եւ խորհրդանշէ իսլամութեան ծնունդը:

«Հաւատքի թանգարանը» 5.600 քմ տարածք կ’ընդգրկէ: Այն կ’ունենայ վիրթուալ մզկիթ, Audio-video սրահներ, 3D ցուցադրութիւններ, տանիքին վրայ այգիներ:

Յատկանշական է, որ թանգարանի գլխաւոր շէնքի քարերը պիտի բերուին աշխարհի իսլամական բոլոր երկիրներէն:

11

12

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին