Երեքշաբթի, 14. 01. 2025

spot_img

ՀԹԱԴ (A.D.A.A.) Կը Հաստատէ 2016-ի Թատերագրութեան 10.000 Տոլարի Մրցանակը

Հայկական Թատերական Արուեստներու Դաշինքը (ՀԹԱԴ – A.D.A.A.) կը յայտարարէ, որ իր երկարամեայ 10.000 տոլարի մրցանակը այժմ կը կոչուի «Սարոյեան-Փօլ» մարդկային իրաւանց եւ ընկերային արդարութեան մրցանակ ու այժմ կ՛ընդունուին 2016-ի դիմումները։

Հիմնադիր «Ուիլիըմ Սարոյեան» հիմնարկութեան միացած է սոյն մրցանակի երկարամեայ աջակից «Լիլիան եւ Վառնում Փօլ Հիմնարկ»-ը՝ ամբողջացնելով թատերական ստեղծագործութեան աշխարհահռչակ այս մրցանակի գանձատրումը։
Բացի ատկէ շարունակելով հայկական թատերգութիւններու եւ դերասաններու գնահատման անցեալ տարիներու աւանդութիւնը, 2.500 տոլարի «Գարէն Քոնտազեան» յաւելեալ մրցանակ մը եւս պիտի շնորհուի՝ հայկական թեմայի մը շուրջ ամէնէն ուշագրաւ խաղարկութեան։ Յիշեցնենք, թէ Լիլիան եւ Վառնում Փօլի դուստրը՝ դերասանուհի եւ ՀԹԱԴ-ի վարչութեան անդամ Գարէն Քոնտազեան, ինք կը հովանաւորէ այս վերջին մրցանակը։ Մրցանակաբաշխութիւնը տեղի պիտի ունենայ Դեկտեմբեր 2016-ին, Լոս Անճելըսի մէջ, մարդկային իրաւունքներու օրուան առիթով։

Նիւթերը կրնան ընդգրկել բազմազան թեմաներ, ինչպէս անտունիներու երեւոյթը, ցեղասպանութիւն կամ մարդու շահագործում, եւլն.։ Արծարծուած նիւթերը կրնան նաեւ ստեղծագործութեան ճամբով ներկայացնել՝ բռնութեանց փոխարէն խաղաղ միջոցներով հակամարտութիւնները լուծելու ճամբաները։ Կարելի է շօշափել փոքրամասնութիւններու հարցեր, ինչպէս սեռային խտրականութեանց, ցեղապաշտութեան եւ ընդհանրապէս մեր առօրեայի մէջ մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան առնչուող հարցեր եւս՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ թէ այլուր։ ՀԹԱԴ-ի պատասխանատուները կը յուսան, թէ այս մրցումը առիթ պիտի հանդիսանայ նոր լոյս սփռելու քաղաքական, հոգեւոր եւ մշակութային խտրականութեան հարցերու վրայ՝ համաշխարհայնացման արագ եւ խառնաշփոթ ժամանակակից այս մթնոլորտին մէջ։

Մինչեւ 2016 Փետրուար 1 թեկնածու թատերագիրները ընտրական յանձնախումբին պէտք է ներկայացնեն իրենց գործի ամփոփումը կէս էջի վրայ եւ հաստատեն, որ անիկա կը շօշափէ մարդկային իրաւանց ընկերային եւ արդարութեան վերաբերող նիւթեր ու յստակացնեն, թէ ստեղծագործութիւնը հայկակա՞ն է, թէ ոչ։ Այնուհետեւ թեկնածուները 2016 Մարտ 1-ին կը հրաւիրուին ներկայացնելու բեմագրութիւնը իր ամբողջութեան մէջ, անոր կցելով 20 տոլար՝ ծախսերու մասնակցութեան համար։ Հայկական նիւթերը ինքնաբերաբար նկատի կ՛առնուին վերոնշեալ երկու մրցանակներուն համար։ Բոլոր նիւթերը պէտք է  ղրկուած ըլլան մինչեւ 2016 Ապրիլ 24։

Մանրամասնութիւններու համար կարելի է դիմել հետեւեալ հասցէին.
www.armeniandrama.org

Մրցանակներու համար արձանագրութիւնները կ՛ընդունուին միմիայն հետեւեալ համացանցային հասցէով.
adaa@armeniandrama.org

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին