Երեքշաբթի, 14. 01. 2025

spot_img

Քեսապը Յաջորդ Եագուպիէ՞ն

*ՅԱԿՈԲ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ*

Շատերու համար կրնայ ըլլալ, որ այս գրութիւնը ծանր կամ վիրաւորական թուիլ, սակայն երբեմն՝ չըսելու համար լաւ պիտի ըլլայ միշտ, իրատես եւ իրապաշտ նայուածք ունենալը կեանքին եւ մեզ շրջապատող իրադարձութիւններուն եւ իրողութիւններուն նկատմամբ, մեզի համար բարիք է աւելի քան կեղծիքով եւ երազներով ապրիլը:2015-ի աւարտին եւ 2016-ի սկիզբը, Քէսապի աւագ սերունդէն մի քանի ծերունիներ իրենց աչքերը առ յաւէտ փակեցին այս աշխարհին, զանոնք յաւիտենապէս բանալու համար յաւիտենականին մէջ: Աստուած անոնց բոլորին հոգիները լուսաւորէ, արժանացնէ զանոնք իր յաւիտենական ուրախութեան, իսկ մնացող հարազատներուն իր Սուրբ Հոգիով մխիթարէ եւ համբերութիւն տայ: Միւս կողմէ նոր տարուան նախաշեմին Գանատա հասած բուռ մը քէսապցիներուն պարագան, առիթ հանդիսացան հետեւեալ գրութեանս:

Վստահ եմ, որ վերնագիրէն արդէն ոմանք լաւապէս հասկցան եւ ըմբռնեցին գրութեանս նպատակը: Իսկ ոմանք ըստ իրենց «բարի» սովորութեան  մրմրթացին եւ վստահաբար ալ մի քանի «օրհնալից» ածականներ ալ վերագրեցին ինծի, ինչին համար մեծապէս շնորհակալ եմ եւ զգացուած: Այս բոլորով հանդերձ չվարանեցայ այս տողերը արձանագրել: Քէսապի նկատմամբ սէրն ու գուրգուրանքը միանշանակ յատուկ է բոլոր քէսապցիներուն, թէ՛ Քէսապի մէջ ապրող եւ թէ ալ Քէսապէն դուրս ապրողներուն համար: Մնացողները, յատկապէս ներկայ իրավիճակին մէջ, բառին ամբողջական առումով ՀԵՐՈՍներ են, որոնց առջեւ միայն կարելի է խոնարհիլ: Դուրսը ապրողները, որոնք նիւթական եւ բարոյական օժանդակութեամբ կ’աշխատին իրենց կարելին ընել, որպէսզի ներսը մնացողները միայնակ չզգան, քաջալերելի է եւ յուսադրող, սակայն ինքա՞ն եւ մինչեւ ե՞րբ, երբ ասոր դիմաց կը տեսնենք կամաց-կամաց պանդխտութեան ճամբան բռնողներուն թիւին աճը: Ոչ ոք կրնայ այպանել կամ մեղադրել այդ քայլին դիմողներուն եւ ոչ ալ մնացողներուն: Փափաքելի պիտի ըլլար, որ Քէսապէն դուրս եկողներուն կողմնացոյցը մայր Հայրենիքը ըլլար՝ ինչպէս մի քանի ընտանիքներունը եղաւ, բայց…. (այս մասին կարելի է առանձին յօդուած մը գրել):

Աւարտելով, վերնագիրիս միտք  բանին այն էր, որ նախքան Սուրիոյ այս խնդիրները բոլորին ալ ծանօթ էր Եագուպիէի իրավիճակը, յատկապէս թուային եւ տարիքային, (լեզուական հանգամանքը եզակի է Քէսապի պարագային, նայած աշխարհագրական դիրքին): Արդեօ՞ք Քէսապը Եագուպիէի ճամբան բռնեց… Պատասխանը կը թողում ձեզի, համագիւղացիներ:

 «Արեւելք»

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին