Չորեքշաբթի, 22. 01. 2025

spot_img

«Նուռ» Ծրագիրը Արցախի Աշակերտներուն Կը Տրամադրէ Նոր Համակարգիչներ

Նոր ուսումնական ռազմավարութիւն («Նուռ») ծրագիրը երեք ուսումնական տարուայ ընթացքին, տարրական դասարաններու աշակերտներուն (I – IV) Արցախի մէջ ընդհանուր առմամբ բաժանած է 6300 (XO –տիպի) համակարգիչներ:

«Արցախփրես»ի հաղորդմամբ «Նուռ» ծրագիրի Արցախի պատասխանատու Մարգարիտա Գրիգորեան նշած է, որ անցեալ տարի ծրագիրը թեւակոխած է նոր փուլ` Ստեփանակերտի եւ Շուշիի դպրոցներու 6-րդ դասարանի աշակերտներուն 900 հատ «Classmate» տիպի դիւրակիր համակարգիչներ:

«Մինչեւ այս ուսումնական տարուայ վերջը 6-րդ դասարանի աշակերտներուն կը տրամադրուին եւս 1300 համակարգիչներ` ընգրկելով նաեւ շրջանային կեդրոններու դպրոցներու աշակերտները: Համակարգիչերու բաժանման գործընթացը սկսած է Քարվաճառի եւ Մարտակերտի դպրոցներէն, -ըսած է Մ. Գրիգորեան եւ աւելցուցած,- «Նուռ»ը կը ցանկայ աշակերտներուն ապահովել «Classmate»-ներով, որոնց օգնութեամբ ի յայտ կու գան ու կը բացայայտուին սորուողներու թաքնուած կարողութիւնները: Ի դէպ համակարգիչները չափազանց աժան են, հզօր, ամուր, դիմացկուն, քիչ էներգիա (ուժանիւթ) օգտագործող»:

Մ. Գրիգորեանի խօսքով` «Նուռ»ի նպատակը կրթութեան ոլորտի մասնագէտներուն վերապատրաստումն է, որպէսզի ուսուցիչները համակարգիչներով դասարաններու մէջ կարենան կիրառել մանկավարժական նորանոր մեթոտներ: Դիւրակիր համակարգիչները միաժամանակ պատուհան են դէպի արտաքին աշխարհ, եւ միջոց` աշակերտներուն միտքը զարգացնելու համար: Համակարգիչը կ՛օգնէ հետազօտելու, փոխգործակցելու եւ ինքնուրոյն սորվելու:

«Intel Classmate» («Մէկական համակարգիչ իւրաքանչիւր երախայի») ծրագիրը, նոր սերունդի ամբողջական կրթական համակարգ է, որու օգտագործման եւ ճիշդ կազմակերպման պարագային, կը դիւրանայ կրթական նիւթերու ընկալումը, կ՛անհատականացնէ ուսուցումը, աշակերտներուն կը սորվեցնէ խումբերով աշխատիլ: Փաստօրէն համակարգիչներու օգնութեամբ կը նախապատրաստենք աշակերտները` դառնալու ժամանակակից արհեստագիտութեան պահանջներուն տիրապետող ժամանակի լիիրաւ անդամ», մանրամասնած է Մ. Գրիգորեան:

«Նուռ» ծրագիրի միտքը յղացած է Էտուարտօ Էռնեկեան` հիմք ընդունելով «Մէկական համակարգիչ իւրաքանչիւր երախայի» կարգախօսը: ՄՀԻԵ-ն կրթական ծրագիր է, որ մշակուած է Մասաչուսեցի Արհեստագիտութեան Հիմնարկին (MIT) մէջ եւ կը կիրառուի աշխարհի շատ երկիրներու մէջ: Ծրագիրը հայերէնով կոչուեցաւ «Նոր ուսումնական ռազմավարութիւն»` «Նուռ» յապաւումով:

Այն 2011 թուականէն Հայաստանի եւ Արցախի մէջ կ՛իրականացուի «Ֆրութֆուլ Արմէնիա» հիմնադրամին կողմէ` Արցախի կառավարութեան եւ Հայ բարեգործական ընդհանուր Միութեան (ՀԲԸՄ) hամագործակցութեամբ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին