Ամսթերտամի մէջ Յունուար 11-13-ը կայացած «Հորեկաւա» սնունդի փառատօնի ծիրէն ներս տեղի ունեցած «Գինիներու մասնագիտական փառատօն 2016»-ին` Հայաստանի զարգացման հիմնադրամի աջակցութեամբ, ներկայացուած են Հայաստանի հինգ գինեգործական ընկերութիւններ` «Զորահ», «Թրինիթի», «Ոսկենի», «Կարաս» եւ «Արմենիա»:
Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան մամուլի ծառայութեան հաղորդմամբ` փառատօնի բացման արարողութիւնը իրականացուցած են փառատօնի գլխաւոր տնօրէն Եան-Սեփասթիան ֆան Լիսումը եւ Նիտերլանտներու մէջ ՀՀ դեսպան Ձիւնիկ Աղաջանեանը:
Իր հանդիսաւոր խօսքին մէջ ՀՀ դեսպանը ողջունած է հայկական գինիներու ներկայացումը եւրոպական շուկային, յատկապէս մասնագիտական դաշտին մէջ, որ հնարաւոր դարձաւ հազարամեակներու գինիներու արտադրութեան աւանդոյթները՝ երիտասարդ հայ մասնագէտներու կողմէ ժամանակակից արուեստագիտութիւններու օգտագործմամբ, սպառողներու լայն շրջանակի հասանելի դարձնելու շնորհիւ` հնարաւորութիւն տալով վայելելու անոնց բուրմունքի ու համային ամբողջ հարստութիւնը:
Փառատօնի ծիրէն ներս հայաստանցի գինեգործները հնարաւորութիւն ունեցած են նաեւ՝ համտես-ցուցադրութեան միջոցով ներկայացնելու իրենց կողմէ արտադրուող գինիները եւ անոնց պատրաստման առանձնայատկութիւնները:
Փառատօնը ամէն տարի կ՛ունենայ աւելի քանի տասը հազար այցելու` ներկրողներու, մասնագէտ խոհարարներու, ճաշարանային առեւտուրի ներկայացուցիչներու շրջանակներէն: