Կրիփի եւ սուր շնչառական վարակներու դէպքերու տարածման այս օրերուն, Հայաստանի հիւանդանոցները կ՛աշխատին աւելի լարուած վիճակի մէջ: Այս մասին կը յայտնեն Առողջապահութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութենէն:
Նախարարութենէն կը տեղեկացնեն, որ հակառակ վերակենդանացման բաժանմունքներու մասնագէտներու գրեթէ տասնօրեայ տքնաջան պայքարին, Կիրակի օր արձանագրուած է H1N1 վարակով երկու հիւանդներու մահեր, որոնք ուշ հիւանդանոց բերուած են Յունուար 9-ին` ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ, երկկողմանի թոքաբորբով: Երկուքին ալ անմիջապէս միացուած է արհեստական շնչառութեան սարք: Անոնցմէ մէկը ունեցած է նաեւ սիրտթոքային ծանր անբաւարարութիւն:
Առողջապահութեան նախարարութեան տուեալներով, վերջին 6 տարուան մէջ` 2009-2014 թուականներուն, Հայաստանի մէջ իւրաքանչիւր տարի արձանագրուած է թոքաբորբով 450-500 մահուան դէպքեր, որոնց զգալի մասը ձմրան ամիսներուն` եղանակային կրիփի բարձրացման հետ: Այս տարի նախարարութեան բազմաթիւ յորդորներուն շնորհիւ բարձրացած է մարդոց զգօնութիւնը, եւ յատկապէս վերջին օրերուն մարդիկ սկսած են բժշկական օգնութեան դիմել հիւանդութեան աւելի կանուխ շրջանին:
Այսօրուան դրութեամբ թոքաբորբով ծանր վիճակի մէջ գտնուող 7 հիւանդներու միացուած է արհեստական շնչառութեան սարք: Բժիշկները կը շարունակեն պայքարիլ անոնց կեանքին համար: