Արարատեան հայրապետական թեմի (ԱՀԹ) առաջնորդարանին մէջ` Յունուար 14-ին, Հայաստանի սուրիահայերը ԱՀԹ առաջնորդական փոխանորդ գերաշնորհ Տ. Նաւասարդ արքեպիսկոպոս Կճոյեանի օրհնութեամբ՝ տօնեցին Հին Նոր տարին: ԱՀԹ առաջնորդական փոխանորդ գերաշնորհ Տ. Նաւասարդ արքեպիսկոպոս Կճոյեան շնորհաւորելով սուրիահայ համայնքի ներկայացուցիչները` մաղթեց, որ 2016 թուականը ըլլայ խաղաղութեան ու յաջողութիւններու տարի:
NEWS.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին, Սուրիոյ Հալէպ քաղաքէն պատերազմի պատճառով 2 տարի առաջ իր ընտանիքին հետ Հայաստան եկած Զարուհի Համալեան նշեց, որ այսօրուան ձեռնարկը առիթ է Հայաստանի սուրիահայերուն մէկ տեղի մէջ համախումբելու, սուրիահայ երախաներուն ուրախացնելու համար:
«Հալէպի մէջ մեր սովորոյթներով ճոխ սեղաններով, հարազատներու հետ կը տօնէինք Ամանորն ու Սուրբ ծնունդը: Կաղանդի ծառ, մսուր, հաւատքով, յոյսով Տիրոջ կը կամենայինք, որ ամէն տեսակ առողջութիւն ու յաջողութիւն տայ մեզի: Բայց մեր քաղաքի տագնապներու պատճառով բոլորս գաղթեցինք ու այստեղ մեզի սրտաբաց ընդունեցին: Այսօր ալ ուզեցինք, որ սուրիահայերով այստեղ հաւաքուինք, նշենք մեր Կաղանդը: Լաւ ենք, ուրախ ենք, հանգիստ ենք, բայց երանի թէ Սուրիոյ մէջ պայմանները լաւ ըլլան ու մենք մեր տուները վերադառնանք», ըսաւ Զարուհի Համալեան:
Ձեռնարկի ընթացքին սուրիահայ երախաներուն Կաղանդ պապան նուէրներ բաժնեց:
Նշենք, որ արդէն քանի մը տարիէ Հայաստան վերադարձած սուրիահայերը, ԱՀԹ առաջնորդական փոխանորդ գերաշնորհ Տ. Նաւասարդ արքեպիսկոպոս Կճոյեանի օրհնութեամբ՝ իրենց նոր համայնքը ձեւաւորած են Արարատեան Հայրապետական թեմի Զօրաւոր Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: Անոնք իրենց համայնքային սովորութիւնները կը պահպանեն` նշելով բոլոր տօները, մասնակցելով ուխտագնացութիւններու եւ յատուկ իրենց համար կազմակերպուող արեւմտահայերէն քարոզներու: