Սթամպուլի Օրթաքօյ թաղամասի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ եւ հայկական Թարգմանչաց վարժարանի տարածքին, Յունուար 13-ի առաւօտեան պայթիւն մը որոտացած է: Ըստ Ermenihaber.am-ի թրքական Habertürk լրատուական ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, որ պայթիւնը տեղի ունեցած է տարածքին մէջ գտնուող կոյուղիի դիտահորին մէջ, որուն հետեւանքով դիտահորի շուրջ 60քկ. կշռող կափարիչը օդ նետուած է:
Պայթիւնի հետեւանքով զոհեր կամ վիրաւորներ չկան, բայց բնակիչները սարսափի եւ խուճապի մատնուած են: Դէպքի վայր կանչուած են ոստիկանութեան, ինչպէս նաեւ Սթամպուլի ջրամատակարարման եւ կազամատակարարման ծառայութիւններու աշխատակիցները:
Վերջիններուս կատարած հետազօտութիւններու արդիւնքով կայ այն վարկածը, որ պայթիւնի պատճառ կրնայ ըլլալ կոյուղիի մէջ մեթան կազի կուտակումը: Դէպքին առիթով ոստիկանութիւնը հետաքննութիւն սկսած է: