Կիրակի, 10 Յունուար 2016-ին, Հայ Ծերանոցի նորաբաց Մատրան մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Պատարագ, ուր հանդիսապետեց եւ պատարագեց Արհի. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեան, Առաջնորդ Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց: Այս մասին կը յայտնէ Perio News.
Հայ Կաթողիկէ Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ Ժողովրդապետութեան կողմէ կազմակերպուած՝ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց «Ալեմշահ» երգչախումբը:
Ս. Պատարագին կը մասնակցէր Տէր Կոմիտաս Քահանայ Տատաղլեան:
Պատարագին ներկայ էին Հայ Ծերանոցի Խնամակալութենէն եւ Տիկնանց Օժանդակ Յանձնախումբի անդամներ, Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ բոլոր յանձնախումբերը եւ հոծ բազմութիւն մը հաւատացեալ ժողովուրդէն:
Արհի. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեան իր քարոզին մէջ մանրամասն ներկայացուց Յիսուս մանուկի ծննդեան խորհուրդը:
Պատարագէն ետք Տէր Կոմիտաս Քահանայ Տատաղլեան Սուրբ հաղորդութիւն բաշխեց անկողինի ծառայող բոլոր պատսպարեալներուն:
Կէսօրին Ս. Սիրտ Յիսուսի Տիկնանց Միութիւնը Հայ Ծերանոցի Տիկնանց օժանդակ յանձնախումբին հետ միասին, օր մը առաջ պատրաստած ճաշը հրամցուցին ծեր-պատսպարեալներուն:
Ճաշէն ետք սարքուեցաւ Սիրոյ սեղան, ուր ներկայ եղան Արհի. Գերապայծառ Տէրը, հոգեշնորհ հայր սուրբը, արժանապատիւ քահանայ հայրեր, Հայ Ծերանոցի Խնամակալութենէն եւ Տիկնանց Օժանդակ Յանձնախումբի անդամներ, Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ բոլոր յանձնախումբերը եւ Ծերանօցի տնօրէնը:
Ճաշի ընթացքին արտասանուեցան սիրտի խօսքեր, Հայ Ծերանոցի Խնամակալութեան ատենապետուհի Աննա Տէր Յակոբեանի, Արժ. Տ. Կոմիտաս Քհնյ. Տատաղլեանի, Տնօրէն Աւօ Գաթրճեանի կողմէ ու ընթացքին մերթ ընդ մերթ կատարուեցան մեներգներ: Ճաշի աւարտին Արհի. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեան իր սի րտի խօսքը արտասանեց, ուր իր գնահատանքի եւ քաջալերական խօսքերով բարձր գնահատեց Հայ Ծերանոցի Խնամակալութեան, Տնօրէնի եւ պաշտօնէութեան աշխատանքները, ինչպէս նաեւ ընդգծեց, որ Հալէպի մէջ երեք Համայնքապետերը կը գործեն մէկ սիրտ եւ մէկ հոգի հասկացողութեամբ ծառայելու մեր ազգին:
Ճաշէն ետք ներկաները Արհի. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեանի գլխաւորութեամբ շրջեցան սենեակ առ սենեակ: Գերապայծառ Տէրը պատսպարեալներուն նուէրներ բաշխեց, տեղեակ եղաւ իրավիճակով, ինչպէս նաեւ Ամանորի եւ Ս. Ծնունդի առթիւ փոխանցեց իր օրհնութիւնն ու բարեմաղթութիւնը:
Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ Ժողովրդապետութեան անդամներէն ոմանք վերոնշեալ իրագործումէն անկախ, իրենց սրտաբուխ նուիրատուութիւնները կատարեցին Հայ Ծերանոցին: