ՀՀ Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան եւ Զինուած ուժերու գլխաւոր շտապի պետ Եուրի Խաչատուրով, շարունակած են բանակային զօրամիաւորումներ եւ կայազօրներ աշխատանքային այցերը, որ մեկնարկած են շաբթուան սկիզբը:
1-ին եւ 4-րդ բանակային զօրամիաւորումներուն մէջ կայացած ռազմական խորհուրդի նիստերուն ամփոփուած են՝ 2015 թուականի ուսումնական տարուան կատարուած աշխատանքները: Հաշուետու զեկոյցներով ու ելոյթներով հանդէս եկած են զօրամիաւորումներու հրամանատարներն ու անոնց տեղակալները` ներկայացնելով զօրամիաւորումներու մարտական պատրաստութեան, զինուորական կարգապահութեան եւ անձնակազմի բարոյահոգեբանական վիճակը, առկայ խնդիրներն ու բարելաւման ուղիները, ինչպէս նաեւ մարտական հերթապահութեան կազմակերպումն ու իրականացումը:
Պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով` անդրադարձ եղած է մարտական պատրաստութեան ուղղութեամբ կազմակերպուած ձեռնարկներուն, վարժանքներուն եւ տարաբնոյթ զօրավարժութիւններուն, դաստիարակչական, կարգապահութեան ամրապնդման ուղղուած խնդիրներուն, միջանձնային յարաբերութիւններուն, երբեմն արձանագրուող անցանկալի երեւոյթներուն եւ այդ ուղղութեամբ իրականացուող կանխարգելիչ քայլերուն:
Զօրամիաւորումներուն մէջ շարունակուած են մարտական ու զօրահաւաքային պատրաստականութեան, մարտական պատրաստութեան, զինուորական կարգապահութեան մակարդակի բարձրացման, սպառազինութեան եւ ռազմական սարքերու արդիականացման աշխատանքները: Իրականացած են մարտական հերթապահութեան բարելաւման կարեւոր գործողութիւններ: Երկու զօրամիաւորումներուն մէջ ալ 2015-ի ընթացքին իրականացած են ուսումնական ծրագիրով նախատեսուած բոլոր ձեռնարկները:
Պաշտպանութեան նախարարը եւ Զինուած Ուժերու գլխաւոր շտապի պետը նշած են, որ այն դրական դրսեւորումները, որոնք արձանագրուած են տարուան ընթացքին, պէտք է ըլլան ուղենիշ, իսկ որոշակի բացթողումները շտկելու ուղղութեամբ կը պահանջուի հետեւողական աշխատանք:
Ամփոփելով ռազմական խորհուրդի նիստերուն արդիւնքները` Սէյրան Օհանեան նշած է, որ բարձրացուած բոլոր հարցերը անմիջականօրէն կ՛առնչուին բանակի մարտունակութեան հետ: Նախարարը ընդգծած է, որ բանակը իր խնդիրը կը կատարէ` առաջին հերթին ամուր պահելով սահմաններուն անառիկութիւնն ու ապահովելով մեր ժողովուրդին անվտանգութիւնը։
Պաշտպանութեան նախարարը տուած է համապատասխան ցուցմունքներ՝ որոշ թերացումներն ու բացթողումները վերացնելու համար, միաժամանակ նախանշած քանի մը ուղղութիւններ, որոնց հիման վրայ պէտք է աշխատանքներ տարուին:
Նիստերու ընթացքին շարք մը զինծառայողներ արժանացած են պարգեւներու` մարտական պատրաստութեան բարձր մակարդակի եւ բարեխիղճ ծառայութեան համար: