Չորեքշաբթի, 22. 01. 2025

spot_img

Ազրպէյճանը Արցախի Ուղղութեամբ Խոտորեցնող Յարձակման Փորձ Կատարած է

Յունուար 14-ի եւ լոյս 15-ին Ղարաբաղա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագծին վրայ, հակառակորդը տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակած է շուրջ 600 կրակոցներ:

Արցախի Պաշտպանութեան Նախարարութեան մամուլի ծառայութեան փոխանցած տեղեկութիւններով`  բացի այդ, Յունուար 14-ին` ժամը 21:30-ի սահմաններուն, ազրպէյճանական բանակի յատուկ նշանակութեան ուժերը սահմանագիծի արեւելեան ուղղութեամբ ձեռնարկած են խոտորեցնող յարձակման հետախուզական փորձ: Պաշտպանութեան Բանակի յառաջապահ ստորաբաժանումները ժամանակին հաւաստանշած են հակառակորդի խոտորեցնող խումբի յառաջխաղացումը եւ ձեռնարկած համապատասխան կանխարգելիչ քայլեր: Ասոր իբրեւ արդիւնք՝ սպաննուած են հակառակորդի առնուազն երկու զինծառայողներ, իսկ խումբին մնացած անդամները դիմած են փախուստի:

Արձանագրուած փոխհրաձգութեան ընթացքին Պաշտպանութեան Բանակը կորուստներ չէ ունեցած:

Պաշտպանութեան Բանակի յառաջապահ զօրամասերը կը շարունակեն գործնականօրէն տիրապետել իրադրութեան եւ վստահօրէն կ՛իրականացնեն իրենց առջեւ դրուած մարտական խնդիրը:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին