Կիրակի, 16. 03. 2025

spot_img

Հայ Զինուորական Ուսանողները Ռազմական Պարեր Պիտի Սորվին

Վազգէն Սարգսեանի անուան ռազմական ինսթիթութի ուսանողները նոր առարկայ պիտի ուսումնասիրեն` «Ռազմական պար»: Սա 2015 թուականին հիմնադրուած «Ազգային երգ ու պարի ակադեմիա» կրթամշակութային հիմնադրամի գործունէութեան չորս ուղղութիւններէն մէկն է:

Վազգէն Սարգսեանի անուան ռազմական ինսթիթութի ուսանողները, «Ազգային երգ ու պարի ակադեմիա» նախագիծի ծիրէն ներս պիտի ուսումնասիրեն՝ հայկական ռազմական պարի շուրջ 15 տեսակներ:

«Ռազմական պարեր» առարկան կը նախատեսուի ներառել՝ Հայաստանի բոլոր ռազմական ուսումնական հաստատութիւններու ծրագիրին մէջ:

«Զինծառայողները պէտք է իմանան հայկական ռազմական պարը ինչպէս գործնական կերպով, այդպէս ալ տեսականօրէն: Պարերը պիտի դասաւանդուին Վազգէն Սարգսեանի անուան ռազմական ինսթիթութի մէջ, իսկ յետագային բոլոր զօրամասերու մէջ կ՛ըլլան դասաւանդող ուսուցիչներ», «Սփութնիք Արմէնիա»ի հետ զրոյցի ընթաղքին յայտնեց՝ Ազգային երգ ու պարի ակադեմիոյ ստեղծման նախաձեռնող, հայկական ազգագրական պարի «Կարին» համոյթի ղեկավար Գագիկ Գինոսեան:

Ակադեմիոյ նպատակը հայկական ազգային ժառանգութեան պահպանումն է՝ ազգային երգ ու պարը մշակելու եւ հանրաճանաչ դարձնելու միջոցով: Ի դէպ ակադեմիոյ հիմնադիրներէն է նաեւ «Այբ» կրթական հիմնադրամը:

Նոյնինքն պարերն ու ռազմական երգերը  մեր նախնիները մարտի կը տրամադրէին, անոնց մօտ կը բարձրացնէին մարտական ոգին ու անպարտելիութեան զգացումը:

«Փորձը ցոյց տուած է, որ ճակատային յարձակումը անհրաժեշտ է. պէտք է ռազմական պարը բանակ մտցնել: Այս մէկը զինուորներուն համար իւրայատուկ փորձութիւն է: Պարերու հետ մէկտեղ անոնք կը սորուին միասնական ըլլալ», նշեց Գագիկ Գինոսեան:

Ակադեմիան գործունէութիւն պիտի ծաւալէ չորս ուղղութեամբ` կրթութիւն, ռազմական պար, մշակոյթ եւ գիտութիւն: Ակադեմիոյ կից բոլոր ցանկացողներուն համար սիրողական խմբակներ պիտի գործեն:

Մշակութային ուղղութիւնը կ’ենթադրէ բեմադրական հմտութիւններ ունեցող ուսուցիչներու պատրաստում:

Անոնք պէտք է կարենան պարեր բեմադրել, ձեւաւորել պարային համոյթներ, ինչպէս նաեւ զբաղիլ աւանդական երգ ու պարի ձայնագրմամբ եւ տարածմամբ: Այդպէս  հայկական ազգային արուեստը աշխարհի համար աւելի մատչելի կը դառնայ:

Կրթական ուղղութեան ծիրէն ներս փորձագէտ անձնակազմեր պիտի  պատրաստուին, որոնք պիտի դառնան իրենց գործի վարպետ եւ ուսուցանեն միւսներուն հայկական ազգային երգ ու պարի հիմունքները եւ հմտութիւնները:

Գիտական ուղղութիւնը կ’ենթադրէ համապատասխան նիւթերու ուսումնասիրութիւն, հաւաքում, մշակում եւ պահպանում: «Բոլոր տուեալները պիտի հաւաքուին, մշակուին ու պահպանուին արդիական միջոցներով: Անհրաժեշտ է նոր սերունդին համար մատչելի դարձնել այդ ամէնը, ինչպէս նաեւ անոնց համար, որոնք յետագային պիտի զբաղին այս գիտութեամբ», նշեց Գագիկ Գինոսեան:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին