Սահմանադրութեան փոփոխութիւններէն յետոյ Հայաստանը կը մտնէ լայնածաւալ բարեփոխումներու նոր փուլ: Այս մասին Յունուար 13-ին Հայաստանի մէջ Եւրոպական միութեան (ԵՄ) պատուիրակութեան ղեկավար՝ դեսպան Պեոտր Սուիդալսգիի հետ հանդիպման ժամանակ նշած է ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան:
ՀՀ նախագահի մամուլի գրասենեակի փոխանցած տեղեկութիւններով` հանդիպման անդրադարձ եղած է ՀՀ-ԵՄ օրակարգային հարցերուն: Սերժ Սարգսեան մէկ անգամ եւս ընդգծած է, որ Եւրոպական միութեան հետ Հայաստանի համագործակցութիւնն ու յարաբերութիւններու զարգացումը` կը շարունակեն մնալ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններէն: Հանրապետութեան նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանի մէջ իրականացող բարեփոխումներուն ԵՄ աջակցութեան համար` ընդգծելով, որ յատկապէս Սահմանադրութեան փոփոխութիւններէն յետոյ, Հայաստանը կը մտնէ լայնածաւալ բարեփոխումներու նոր փուլ: Նախագահ Սարգսեան յոյս յայտնած է, որ ԵՄ կողմէ բարեփոխումներուն տրամադրուող աջակցութիւնը պիտի ըլլայ շարունակական` նկատի առնելով մինչ այժմ ցուցաբերուած աջակցութեան արդիւնաւէտութիւնը երկրի համար:
ՀՀ-ի մէջ ԵՄ պատուիրակութեան ղեկավար դեսպան Պեոտր Սուիդալսգին իր կարգին յոյս յայտնած է, որ 2016 թուականը ՀՀ–ԵՄ երկկողմ յարաբերութիւններուն նոր որակ պիտի հաղորդէ, եւ մինչեւ տարեվերջ աւարտին պիտի հասցուին Հայաստան-Եւրոպական միութիւն նոր համապարփակ իրաւական փաստաթուղթին շուրջ բանակցութիւնները: Դեսպան Սուիդալսգին վերահաստատած է ԵՄ հետաքրքրուածութիւնը` Հայաստանին օժանդակելու համագործակցութեան զարգացման եւ բարեփոխումներու իրականացման գործին: