Յայտնի է, որ համակարգչային արուեստագիտութիւններու հանճար Սթիւ Ճոպսը որդեգրուած երախայ էր, անոր դաստիարակած է խորթ մայրը` Գլարա Յակոբեանը, որ Թուրքիայէն գաղթած հայերու զաւակ է:
Հոլիվուտի աստղ Քէյթ Ուինսլէթ «Ոսկէ կլոպուս» ստացած է՝ որպէս «Սթիւ Ճոպս» ֆիլմին մէջ իբրեւ երկրորդ լաւագոյն դերասանուհի, ուր մարմնաւորած է մօր կողմէ հայուհի Ճոանա Հոֆմանին, որ Macintosh համակարգիչներու մշակման առաջին խումբի աշխատակիցներէն է, sputnik.co.am-ի փոխանցմամբ կը գրէ ira-news-ը:
Այդ անուանակարգին մէջ ան առաջ անցած է իր մրցակիցներէն` դերասանուհիներ Ճուտիթ Լայթէն, Ուզօ Ատուպայէն, Ռեճինա Քինկէն, Մորու Թիրնիէն եւ Ճոան Ֆրոկաթէն:
Սա Քէյթ Ուինսլէթի դերասանական շրջանի արդէն չորրորդ «Ոսկէ կլոպուս»ն է: