Յայտնի ուքրանացի երգչուհի Անասթասիա Փրիխոտկոն պիտի մասնակցի՝ «Եւրոտեսիլ-2016» երգի միջազգային մրցոյթի Ուքրանիոյ նախընտրական փուլին:
Ան մրցոյթին մասնակցելու համար ընտրած է «Free now» երգը, որ ազատութեան մասին է: Երգի երգահանն է Շուշան Սարգսեան: «Արցախփրես»ի փոխանցմամբ այս մասին կը գրէ day.kiev.ua կայքը:
Խօսքերու հեղինակն է յայտնի ուքրանացի գրող Նիքոլա Պրովչենկոն: Երգին մէջ կը հնչէ պլուլ, որ կը նուագէ Հայաստանի լաւագոյն պլուլահարներէն Աւագ Մարգարեանը:
cultural.am կայքէն կը տեղեկանանք, որ Շուշան սկսած է ստեղծագործել 14 տարեկանէն: Ան մասնակցած է «Одаренные дети надежда Украины» մրցոյթին եւ 100-է աւելի երգահաններէն անցնած է լաւագոյն տասնեակին մէջ, ստացած է մասնակիցի տիպլոմ ու յատուկ մրցանակ: 1997-ին ընդունուած է Գրիւօ Ռոկի (Ուքրանիա) պետական մանկավարժական ինսթիթութի երգչախմբային խմբավարութեան բաժինը: Երկու տարի այնտեղ գերազանցութեամբ յաճախելէ ետք տեղափոխուած է Խարքովի (Ուքրանիա) Գոտլեարեւսկիի անուան արուեստի ինսթիթութը /երաժշտանոց/ եւ աւարտած 2003-ին որպէս երաժշտագէտ: 2003-ին իր «Հայաստան երկիր» երգով յաղթած է «Սայեաթ-Նովա» հանրապետական երգի մրցոյթին, 2012-ին ստացած է Մեծ մրցանակ «Վերածնունդ» միջազգային մրցոյթ-փառատօնին՝ «Մտորումներ» կամերային-վոկալ ստեղծագործութեան համար: 2012-ին երգահաններու հանրապետական մրցոյթին արժանացած է 3-րդ մրցանակի՝ «Արեւելք եւ Արեւմուտք» կամերային գործիքային ստեծագործութեան համար: