Նորա Յովսէփեանի Արեւմտեան Հայաստան կատարած այցելութիւնը վաւերագրած «Journey To The Homeland» կարճատեւ ֆիլմը, մրցանակի թեկնածու է Լոս Անճելոսի Անկախ ֆիլմերու փառատօնին (LAIFF)։ Ֆիլմը պիտի ցուցադրուի Կիրակի, Յունուար 23ին, կ.ե. ժամը 2:15ին, «Ռայլի Սթուտիոզ» սրահին մէջ (5300 Melrose Avenue, Los Angeles).
Ֆիլմի հեղինակն է Նորա Յովսէփեան, իսկ համադրումը կատարուած է Յովիկ Գազանճեանի կողմէ։
30 վայրկեաննոց այս ֆիլմին մէջ, Նորա Յովսէփեան կը վաւերագրէ 2014ին իր կատարած ուխտագնացութիւնը դէպի այն հողերը, ուրկէ հեռացուած էին անոր նախահայրերը։ Ֆիլմը արտադրուած է Արեւմտեան Հայաստանի նուիրուած Մեթիու Քարանեանի՝ «Պատմական Հայաստանը 100 Տարի Ետք» («Historic Armenia, After 100 Years: Ani, Kars, and the Six Provinces of Western Armenia») լուսանկարներու հատորին զուգահեռ: