Չորեքշաբթի, 22. 01. 2025

spot_img

ՀՀ Սփիւռքի Նախարարը «Հայրենիքին Մատուցած Ծառայութիւններուն Համար» Պարգեւատրուած Է 2-րդ Աստիճանի Մետալով

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներու նախապատրաստման եւ կազմակերպման գործին մէջ ներդրած նշանակալի աւանդին, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային յանձնախումբերու աշխատանքները արդիւնաւէտ կերպով համակարգելու համար, Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան պարգեւատրուած է «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններուն համար» 2-րդ աստիճանի մետալով:

Այս մասին ըսուած է ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի` 2015 թուականի Դեկտեմբեր 28-ի հրամանագիրին մէջ:

Մէկ այլ հրամանագիրով ՀՀ Նախագահը Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներու կազմակերպման աշխատանքներուն ցուցաբերած գործուն աջակցութեան համար, Մխիթար Գօշի մետալով  պարգեւատրած է Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարի տեղակալ Վահագն Մելիքեանին:

***

«Զարթօնք» կը շնորհաւորէ Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը ՝ «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններուն համար» 2-րդ աստիճանի մետալով եւ անոր տեղակալ Վահագն Մելիքեանը՝ Մխիթար Գօշի մետալով պարգեւատրուելու առիթով, անոնց մաղթելով բեղուն գործունէութիւն։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին