*ԳԷՈՐԳ ՉԻՉԵԱՆ*
Գամչատկայի հայ համայնքը երկար ժամանակ պիտի յիշէ 2016 թուականի Ամանորը: Ամանոր, որ լի էր հայկական ժողովրդական երգերով եւ Հայաստանէն ժամանած հիւրերով:
Դեկտեմբեր 31-ին ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ Արարատեան Հայրապետական թեմի «Ծաղկազարդ» համախումբը, Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով հեռաւոր Գամչատկայի մէջ համերգ ունեցած է:
Շրջագայութենէն ստացած տպաւորութիւնները «Հայերն Այսօր»ի հետ զրոյցի ընթացքին ներկայացուց խումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ խմբավար Լիլիթ Գրիգորեան:
«Թէեւ բոլորս առաջին անգամ Ամանորին ընտանիքէն հեռու կը գտնուէինք, բայց օտարութիւն չզգացինք, քանի որ ջերմ ընդունելութեան արժանացանք ռուսաստանաբնակ մեր հայրենակիցներուն, յատկապէս համայնքի ղեկավար Արթուր Խաչատրեանի կողմէ:
Ինչ կը վերաբերի կազմակերպչական հարցերուն, ապա նշեմ, որ ամէն ինչ մանրակրկիտ մտածուած էր, որպէսզի չանհանգստանայինք եւ կեդրոնանայինք միայն ելոյթին վրայ», նշեց Լիլիթը:
Խումբի անդամները շատ ուրախացած են տեսնելով, թէ ինչպէս մարդիկ, տօնական եռուզեռը ձգած, միասնաբար եկած են համերգին մասնակցելու: Նոյնիսկ ռուսեր նկատած են հանդիսատեսներու շարքերուն մէջ, որոնք մինչեւ վերջ ուշի-ուշով ունկնդրած են հայկական երգերը: Անկեղծ ընդունելութիւնը եղած է շարժառիթը, որ խումբի անդամները մէկ ու կէս ժամ, առանց յոգնութեան նշոյլի երգած են: Խանդավառութիւնը այնքա՜ն մեծ եղած է դահլիճէն ներս, որ համերգի աւարտէն ետք հանդիսատեսը խումբին կրկին երգելու խնդրանքով դիմած է, որ անպատասխան չէ մնացած:
Տօնական համերգին հնչած է նաեւ ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի շնորհաւորական տեսաուղերձը: Երաժշտական կատարումներով հանդէս եկած են Գամչատկայի մէջ ապրող տաղանդաւոր հայ պատանիները:
«Տարբեր համայնքներու մէջ ելոյթներ ունեցած ենք, նկատած ենք սփիւռքահայերու համախմբուածութիւնը, սակայն Գամչատկայի հայ համայնքը իւրովի կազմակերպուած էր եւ հայկական մշակոյթով հետաքրքրուած, հպարտութիւնը այնչափ մեծ էր եւ բոլոր կատարումներուն ժամանակ կը ձայնակցէին մեզի: Անոնց հոգեվիճակէն կը հասկնայինք, որ առ Հայրենիք կարօտով լեցուած են», ըսաւ խումբի ղեկավարը:
Լիլիթ դրուատանքի խօսքեր ըսաւ Գամչատկայի հայ համայնքի ղեկավար Արթուր Խաչատրեանի մասին, որ համայնքին նուիրեալ, հայրենակիցներու հոգով ապրող եւ ազգասէր անձնաւորութիւն մըն է: Եւ նոյնինքն անոր հիւրընկալ օճախին մէջ «Ծաղկազարդ» համախումբի անդամները դիմաւորած են 2016թուականը:
Ազատ օրերուն անոնք հասցուցած են աւելի մտերմիկ պայմաններու մէջ հաղորդակցիլ իրենց հայրենակիցներուն հետ եւ նկատած են, որ անոնք գործունեայ, հայրենասէր մարդիկ են: Օտարութեան մէջ գտնուելով` ամէն կերպ կը փորձեն իրազեկ ըլլալ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն եւ միշտ Հայրենիքին մօտ զգալ:
Տեղեկացնենք նաեւ, որ «Ծաղկազարդ» համախումբը արդէն եօթ տարի է, որ ելոյթներ կ՛ունենայ նախարարութեան կողմէ իրականացող տարբեր ձեռնարկներու ժամանակ: Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ խումբը հայկական մշակոյթը տարածելու նպատակով համերգներ ունեցած է Գերմանիոյ, Ֆրանսայի, Աւստրալիոյ եւ շարք մը այլ համայնքներու մէջ:
Hayernaysor.am