Չորեքշաբթի, 22. 01. 2025

spot_img

Հայաստանի Քաղաքացիները Ֆրանսա Մուտքի Վիզա Կրնան Ստանալ 2 Օրուան Ընթացքին

Հայաստանի քաղաքացիներուն համար Ֆրանսայի մուտքի վիզա տրամադրելու ընթացակարգին ժամկէտը պիտի կրճատուի եւ զբօսաշրջային մուտքի արտօնագիրը պիտի տրամադրուի երկու օրուան ընթացքին: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը՝ վկայակոչելով Lechotouristique.com-­ը։

Աղբիւրին համաձայն այսպիսի յայտարարութիւն ըրած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիուսը: Ըստ անոր զբօսաշրջական վիզայի ընթացակարգը պիտի տեւէ 48 ժամ Հայաստանի, Վրաստանի, Թուրքիոյ, Ինտոնեզիոյ եւ Վիեթնամի քաղաքացիներուն համար: Միաժամանակ Չինաստանի քաղաքացիներու զբօսաշրջային վիզայի ընթացակարգին համար պիտի սահմանուի մէկ օր:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարին խօսքով` իրենց նպատակն է նման ընթացակարգերու պարզեցումով զարգացնել զբօսաշրջութիւնը: Ֆրանսայի իշխանութիւններուն նպատակն է մինչեւ 2020 թուականը երկիր այցելող զբօսաշրջիկներուն թիւը տարեկան հասցնել 100 միլիոնի:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին