Երկուշաբթի, 17. 03. 2025

spot_img

Թրեթեակովեան Պատկերասրահը Պիտի ԿազմակերպԷ Այվազովսկիի 200-Ամեակին Նուիրուած Ցուցահանդէս

Մոսկուայի Թրեթեակովեան պետական պատկերասրահը 2016 թուականի Յուլիս-Նոյեմբերին, Լոնտոնի Դիմանկարներու ազգային պատկերասրահին եւ Վատիկանի թանգարաններուն հետ պիտի կազմակերպէ՝ Յովհաննէս Այվազովսկիի 200-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէս, ուր պիտի ներկայացուին նկարիչի առաւել նշանակալի կտաւները, ներառեալ «Ծիածան»ը եւ «Սեւ ծով»ը` Թրեթեակովեան պատկերասրահէն, ինչպէս նաեւ «Իններորդ ալիք»ը եւ «Ալեկոծութիւն»ը` ռուսական թանգարանէն:

Ընդամէնը ցուցադրութեան ներկայացուած կ’ըլլան Այվազովսկիի հարիւր կտաւներ եւ 50 գծագրեալ ստեղծագործութիւններ, ներառեալ աւելի վաղ երբեք չցուցադրուած «Կովկասի ափերուն մօտ» կտաւը։ Այս մասին ըստ Artsakhpress.am-ի յայտնած է ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին