Յունուար 16-ին Անգարայի մէջ տեղի ունենալիք գիրքի ցուցահանդէսի ընթացքին, պիտի ներկայացուի «Haberlermersin» կայքի յօդուածագիր Էրտեմ Աքիւզի հեղինակած՝ «Հայկական հարցը եւ թուրքերը» գիրքը: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը։
Գիրքը հիմնուած է անձնական ուսումնասիրութիւններու եւ պատմաբաններու գնահատականներուն վրայ ու չի պարունակեր որեւէ տեսակի «անհիմն» մեղադրանք:
Կը նշուի, որ գիրքը թարգմանուած է անգլերէն, ֆրանսերէն եւ գերմաներէն:
Գիրքը նաեւ կը ներառէ պատմական դէպքերուն վերաբերող գծանկարներ: