Երկուշաբթի, 13. 01. 2025

spot_img

ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութիւնը Կ’ամփոփէ Նախարարի 2015-ի Այցելութիւնները Սփիւռքի Հայ Համայնքներ

«Հայերն Այսօր»ը կը  ներկայացնէ ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի 2015 թուականի ընթացքին կատարած պաշտօնական այցելութիւնները Սփիւռքի  շարք մը համայնքներ:

Հանդիպումներու առանցքին  եղած  են համայնքային կառոյցներու հետ կապերու սերտացումը, համայնքներուն նախարարութեան  ծրագիրներուն ծանօթացնելը, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներու կազմակերպումը եւ   սուրիահայերուն օգնութիւն ցուցաբերելու առնչուող հարցերը:

ՀՀ Սփիւռքի նախարարի աշխատանքային այցը Լիբանան

Մարտ 12-15 ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան աշխատանքային այցով մեկնեցաւ Լիբանան: Այդ ընթացքին ան մասնակցած է  Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի գլխաւոր եւ այլ ձեռնարկներու, հանդիպում  ունեցած  Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի եւ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս–Պետրոս Ժթ-ի եւ Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ, ինչպէս նաեւ հայ համայնքի եւ համահայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ: Ապա նախարարը այցելած է Այնճար, ուր հանդիպում  ունեցած է Այնճարի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն եւ ղեկավարութեան հետ: Նախարարը ներկայ  գտնուած է  շարք մը Ձեռնարկներու:

 ՀՀ Սփիւռքի նախարարի աշխատանքային այցը Աւստրալիա

Որպէս ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի յատուկ բանագնաց` ՀՀ Սփիւռքի նախարարը Մարտ 19-26 մեկնեցաւ  Աւստրալիա: Այնտեղ նախարարը հանդիպած է Նոր Հարաւային Ուելսի խորհրդարանի անդամ, Փոխադրութեան նախարար, Հանթեր շրջանի նախարար Կլատիս Պերեճիկլեանի հետ: Սիտնէյի Թումպալոնկ զբօսայգիի Տարլինկ Հարպըր նաւահանգիստին մօտ, նախարարը մասնակցած է Սիտնէյի «Հայկական փառատօն 2015»-ին: Սփիւռքի նախարարը մեկնած է նաեւ Գանպերա:

Աւստրալիոյ խորհրդարանին մէջ նախարարը հանդիպած է ազգութեամբ հայ նախարար, Աւստրալիոյ գանձապետ Ճոյ Հոքէյին, ինչպէս նաեւ  շարք մը աւստրալացի պաշտօնեաներու:

ՀՀ Սփիւռքի նախարարի աշխատանքային այցը Ապու Տապի

Մարտ 27-ին Հրանոյշ Յակոբեան Ապու Տապիի Սրբոց նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ, մասնակցած է Ծաղկազարդի պատարագին եւ ծաղիկներ դրած եկեղեցւոյ բակի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած խաչքարին:

 ՀՀ Սփիւռքի նախարարի այցը Վատիկան

Ապրիլ 12-ին ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութեան կազմով,  Վատիկանի մէջ  մասնակցած է Նորին Սրբութիւն Հռոմի Պապ Ֆրանչիսկոս Առաջինի կողմէ Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի կապակցութեամբ մատուցուած պատարագին: Նախարարը պատարագը բնորոշած է որպէս հոգեցունց, հոգեպարար եւ  պատմական երեւոյթ:

Ան ներկայ  գտնուած է նաեւ Իտալիոյ Նաբոլի քաղաքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Քարտինալ Սեպէի կողմէ մատուցուած եկեղեցական արարողութեան ու Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշակոթողի` Ջուղայի խաչքարերէն մէկուն կրկնօրինակ խաչքարի բացման եւ օծման արարողութեան:

ՀՀ Սփիւռքի նախարարի աշխատանքային այցը Գանատա

ՀՀ Սփիւռքի նախարարը  Մայիս 1-4 Գանատայի մէջ հանդիպած է համայնքի ներկայացուցիչներուն եւ Մոնրէալի քաղաքապետ Տենիս Գոտերի հետ: Մոնրէալի մէջ նախարարը ծաղիկներ տեղադրած է Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանին մօտ, ինչպէս նաեւ մասնակցած  «Մարդկութեան համար քայլերթին»:

ՀՀ Սփիւռքի նախարարի աշխատանքային այցը Մարսէլ

Յունիս 19-22 ՀՀ Սփիւռքի նախարարի այցը Մարսէլ յագեցած էր բազմաթիւ ձեռնարկներով: Այստեղ գտնուելու օրերուն նախարարը ծաղկեպսակ տեղադրած է Հայոց Ցեղասպանութեան  զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին մօտ, ապա այցելած Ցեղասպանութեան ժամանակ զոհուած կանանց յիշատակը մարմնաւորող յուշաքարին: Նախարարը այցելած է նաեւ Մարսէլի հայաբնակ Պոմոն թաղամասի Հայ Առաքելական եկեղեցի եւ Աւետարանական եկեղեցի, ապա մասնակցած ՀԲԸՄ-ի տարեկան հանդիպման: Սփիւռքի նախարարը ներկայ գտնուած է նաեւ Նունէ Եսայեանի «Կա՛նք, պիտի՛ լինենք ու դե՛ռ շատանանք» նշանաբանով համերգին:

Հրանոյշ Յակոբեան հանդիպած է Պուշ Տիւ Ռոնի մարզպետ տիկին Մարթին Վասալի եւ Մարսէլի քաղաքապետ Ժան-Գլոտ Կոտէնի հետ:

ՀՀ Սփիւռքի նախարարի աշխատանքային այցը Պէյրութ

Յուլիս 17-20 ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Պէյրութի մէջ կը գտնուէր` մասնակցելու «Թռչնոց բոյն» հաստատութեան վերանորոգուած շէնքի եւ թանգարանի բացման, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա-ի գահակալութեան 20-րդ տարեդարձի ձեռնարկներուն եւ Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան արարողութեան: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա-ի հովանաւորութեամբ Ճիպէյլի «Թռչնոց Բոյն» հաստատութեան մէջ ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան մասնակցած է՝ Հայոց Ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պեզիկեան» թանգարանի բացման արարողութեան:

Նախարարը մասնակցած է նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա կաթողիկոսի նախագահութեամբ եւ քրիստոնեայ եկեղեցիներու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ՝ Անթիլիասի   Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ մատուցուող սուրբ եւ անմահ պատարագին: Այնուհետեւ  Պիքֆայայի մէջ հանդիպում  ունեցած է կաթողիկոս Արամ Ա-ի հետ: ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Պէյրութի մէջ կը գտնուէր ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի յանձնարարութեամբ:

ՀՀ Սփիւռքի նախարարի աշխատանքային այցը Ռումանիա

Սեպտեմբեր 29-էն Հոկտեմբեր 1 ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան աշխատանքային այցով մեկնած էր Ռումանիա:

Այցի ծիրէն ներս Հրանոյշ Յակոբեան հանդիպած է Ռումանիոյ կառավարութեան կրօնից հարցերով պետական քարտուղար Վիքթոր Օփասկիի եւ Ռումանիոյ Սփիւռքի ռումանացիներու հարցերով նախարար Անճէլ Տըլվարի հետ: Նախարարը այցելած է նաեւ Հայոց Առաջնորդարան` հանդիպելով Ռումանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Տէր Տաթեւ Եպս. Յակոբեանի հետ:

ՀՀ Սփիւռքի նախարարի աշխատանքային այցը Նիտեռլանտներ

Հոկտեմբեր 16-18 Նիտեռլանտներու թագաւորութիւն կատարած այցի ընթացքին, Հրանոյշ Յակոբեան աշխատանքային հանդիպում  ունեցած է Ալմելոյի քաղաքապետ Եօն Հերմանս-Ֆլատպելտի հետ: Այնուհետեւ նախարարը այցելած է Ալմելոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, ուր ծաղկեպսակ  տեղադրած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիրին, իսկ եկեղեցւոյ բակին մէջ  յիշատակի եղեւնիի ծառ տնկած:

Ամսթերտամի մէջ  տեղի ունեցած Հայ առաքելական «Սուրբ Հոգի» եկեղեցւոյ 300-ամեակին նուիրուած ձեռնարկին նոյնպէս ներկայ  գտնուած է ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:

 ՀՀ Սփիւռքի նախարարի աշխատանքային այցը Շուէտ

ՀՀ Սփիւռքի նախարարի 2015 թուականի պաշտօնական այցելութիւնները Սփիւռքի հայ համայնքներ եզրափակուած է Հոկտեմբեր 23-27  Շուէտ կատարած աշխատանքային այցով:

Հրանոյշ Յակոբեան մասնակցած է Շուէտի Սեօտերթելյէ քաղաքի Սբ. Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ  օծման արարողութեան: Այնուհետեւ նախարարը հանդիպած է Շուէտի խորհրդարանի (Ռիքստակ) փոխխօսնակ Իզապէլ Տինկիզեանի եւ Սեօտերթելյէի քաղաքապետ Պոել Կոտների հետ:

Նախարարը հանդիպումներ  ունեցած է նաեւ շարք մը հայաշատ քաղաքներու մէջ` Օրեպրոյի եւ Ուփսալայի մէջ:

«Հայերն Այսօր»

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին