Երեքշաբթի, 21. 01. 2025

spot_img

Հայաստանի Գրեթէ Ամբողջ Տարածքին Վրայ Ձիւն Կը Տեղայ

ՀՀ փոխադրամիջոցներու եւ կապի նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Դեկտեմբեր 30-ին` ժամը 17:30-ի դրութեամբ,  Արարատի, Եղէգնաձորի, Վայքի, Սիսիանի, Գորիսի, Մեղրիի, Աբովեանի, Հրազդանի, Դիլիջանի, Աշտարակի, Ապարանի, Արագածի, Սպիտակի, Վանաձորի, Ստեփանաւանի, Թալինի, Անիի, Արթիկի եւ Ախուրեանի մէջ ձիւն կը տեղայ, Իջեւանի եւ Նոյեմբերեանի մէջ` անձրեւ:

Անվտանգ երթեւեկութիւնը ապահովելու նպատակով՝ ճանապարհաշինարարները ճանապարհներուն վրայ կը կատարեն մաքրման եւ աղով ու աւազով մշակման աշխատանքներ:

Միջպետական եւ հանրապետական նշանակութեան ճանապարհները բաց են:

Վթարներէ, պատահարներէ եւ խցանումներէ խուսափելու նպատակով, ՀՀ փոխադրամիջոցներու եւ կապի նախարարութիւնը վարորդներուն խորհուրդ կու տայ՝ երթեւեկել բացառապէս ձմեռային անիւներով:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին