Երեքշաբթի, 14. 01. 2025

spot_img

Աշխարհի Ամենատարեց Բնակիչը Դարձաւ 180 Տարեկան

Գիտնականները յաջողած են գտնելու Երկիր մոլորակի ամենատարեց մարդը։ Ամէնէն երկարակեացը վերջերս նշած է իր 180-ամեակը:

1in.am-ի փոխանցմամբ` մասնագէտները այս փաստը հազուադէպ երեւոյթ համարած են: Խօսքը Հնդկաստանի Վարանեսի քաղաքին մէջ ապրող տղամարդուն` Մահաշթայ Մուրասիին մասին է:

Մահաշթան ծնած է 1835-ին: Գիտնականները կը պնդեն, որ մինչեւ 180 տարի Երկրի վրայ դեռ որեւէ մէկը չէր ապրած: Զարմանալի է նաեւ այն, որ նոյնինքն հնդկաստանցի մը նման ցուցանիշ սահմանած է, որովհետեւ Հնդկաստանի բնակիչները հիմնականօրէն 70 տարիէն աւելի չեն ապրիր:

Մահաշթայ Մուրասին մինչեւ հիմա չի տառապիր ծերունական տկարամտութենէ, կրնայ բնականօրէն շփուիլ եւ կ՛ապրի ինչպէս կրնայ: Ան չի բացայայտեր իր երկարակեցութեան գաղտնիքը` ինքզինք համարելով անմահ:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին