Երեքշաբթի, 22 Դեկտեմբեր 2015-ին, Դամասկոսի Ազգ. Սբ. Թարգմանչաց Մանկապարտէզի փոքրիկ աշակերտները տօնեցին Նոր Տարին՝ դիմաւորելով Կաղանդ Պապուկը: Ամանորեայ այս հանդէսին ներկայ էին նաեւ Դամասկոսի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Արմաշ Ս. Եպս. Նալպանտեանը եւ Ազգ. Սբ. Թարգմանչաց Ճեմարանի տնօրէն՝ տիար Յակոբ Տէր Վարդանեանը:
Մանկապարտէզի ուսուցիչ դաստիարակները, տնօրէնուհի Տիկին Հայկանոյշ Խորոզեանի ղեկավարութեամբ, հիւրերուն հրամցուցին Ամանորեան ճոխ յայտագիր մը երգերով, պարերով եւ ասմունքներով:
Հանդէսի աւարտին Սրբազան Հայրը խրատական պատգամը եւ օրհնութիւնը փոխանցեց մանուկներուն ու իր գնահատական երախտագիտութիւնը յայտնեց դաստիարակ ուսուցիչներուն: