Էլեն Ֆրանքը Նիւ Եորք բնակող նկարչուհի է, որ նախաձեռնած է «Խաղաղութեան քաղաքներ» նախագիծը: Դեկտեմբեր 18-ին տեղի ունեցաւ «Երեւան, Ճանաչել զիմաստութիւն» կոչուող կտաւի ցուցադրութիւնը, որ նուիրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին: Ապրիլին կտաւին պիտի միանան Էլեն Ֆրանքի նախագիծին նախորդ ինը կտաւները` նուիրուած միւս քաղաքներուն: Բոլոր կտաւները կը պատմեն ցնցումներ ապրած քաղաքներու մասին: