Երկուշաբթի, 13. 01. 2025

spot_img

«Երաշտ Եւ Բողբոջ» Համապետական Լուսանկարչական Մրցոյթի Մրցանակաբաշխութիւն

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ ու ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան աջակցութեամբ՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնը (ՔԴԿ), ՀՀ հանրակրթական դպրոցներու 5-12-րդ դասարաններու աշակերտներու մէջ, ընթացիկ տարին իրականացուցած են Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեայ տարելիցին նուիրուած՝ «Երաշտ եւ բողբոջ» համապետական լուսանկարչական մրցոյթը: Այս մասին կը հաղորդեն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնէն։

Մրցոյթը մեկնարկած էր Ապրիլին: Մրցոյթին ՀՀ տարբեր մարզերէ եւ Երեւանէն մասնակցած էին շուրջ 4000 աշակերտներ, որոնք իրենց աշխատանքները տեղադրած էին մրցոյթին համար ստեղծուած կայքին մէջ: Մրցոյթի արդիւնքները ամփոփած եւ մրցանակներու արժանի աշխատանքները ընտրած է այս առիթով ձեւաւորուած յատուկ յանձնախումբը:

Դեկտեմբեր 19-ին Երեւանի Ս. Աննա եւ Ս. Կաթողիկէ եկեղեցիներու հարեւանութեամբ կառուցուած ու Վեհափառ Հայրապետի բարձր տնօրինութեամբ, ՔԴԿ-ին տրամադրուած նոր մասնաշէնքի հանդիսութիւններու սրահին մէջ տեղի ունեցած է՝ «Երաշտ եւ բողբոջ» լուսանկարչական մրցոյթին մրցանակաբաշխութիւնը, որուն ներկայ եղած են ՔԴԿ տնօրէն Գերաշնորհ Տ. Վարդան եպիսկոպոս Նաւասարդեանը, ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեանը, ԱԺ պատգամաւորներ, Երեւանի փոխքաղաքապետ Արամ Սուքիասեանը, հոգեւոր հայրեր, հասարակական եւ բարեսիրական կազմակերպութիւններու եւ հիմնադրամներու ղեկավարներ, ՔԴԿ համագործակից կառոյցներու ներկայացուցիչներ եւ այլք:

Ձեռնարկի ընթացքին մրցոյթի յաղթողներուն յանձնուած են մրցանակներ: «Լաւագոյն աշխատանք» անուանակարգով յաղթած է Աննա Գրիգորեանը (Լոռիի մարզ, գ. Ձորագիւղ, Ձորագիւղի հիմնական դպրոց, 9-րդ դաս.), «Լաւագոյն մտայղացում» անուանակարգով` Զարուհի Ղազարեանը (Արագածոտնի մարզ, գ. Եղիպատրուշ, Եղիպատրուշի միջնակարգ դպրոց, 10-րդ դաս.) եւ «Յատուկ մրցանակ» անուանակարգով` Խորէն Ամիրխանեանը (Արագածոտնի մարզ, Արագածաւան գիւղ, Արագածաւանի թիւ 1 միջն. դպրոց, 10-րդ դաս):

Եւս տասնչորս աշխատանքների հեղինակներ պարգեւատրուած են լաւագոյն մասնակցութեան համար:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին