Կիրակի, 10. 12. 2023

spot_img

«Բարսեղ Կանաչեան» Երգչխումբի Տօնական Համերգը Նուիրուած Նոր Տարուան Եւ Սուրբ Ծնունդին

Հովանաւորութեամբ Քուէյթի եւ Շրջակայից թեմի առաջնորդ Գերպ. Տէր Մասիս Ծ. Վրդ. Զօպույեանի, Չորեքշաբթի, 23 Դեկտեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 8:30ին Քուէյթի մասնաւոր վարժարաններու սրահէն ներս տեղի ունեցաւ՝ Ազգային առաջնորդարանի «Բարսեղ Կանաչեան» երգչախումբի Նոր Տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան նուիրուած տօնական համերգը, ղեկավարութեամբ Տիար Ճորճ Արապաթլեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Տիկ. Մարիան Գարագաշեան-Գույումճեանի եւ Ջութակի ընկերակցութեամբ Տիկ. Թամար Դանիէլեան-Թէմամեանի: Համերգին ի թիւս ազգային մարմիններու եւ միութեանց ներկայացուցիչներու, ներկայ էին նաեւ Յոյն Ուղղափառ եկեղեցւոյ Առաջնորդ Ղաթթաս Հազիմ Եպիսկոպոսը, Քուէյթի Աւետարանական Եկեղեցւոյ պատուելի Էմանուէլ Ղարիպը եւ Յոյն ուղղափառ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Աֆրամ Վրդ. Թուըմէ: Ներկայ էր նաեւ համայնքիս հոգեւոր հովիւ Արժ. Տէր Արտակ Քհնյ. Քէհեաեան:

«Բարսեղ Կանաչեան» երգչախումբի յանձնախումբին եւ անոր օժանդակ տիկիններուն մեղուաջան աշխատանքին շնորհիւ, սրահը զարդարուած էր տօնական շքեղ յարդարանքով: Բացումը կատարուեցաւ Քուէյթի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգներով: Այնուհետեւ հանդիսավար Տիկ. Մայտա Թադոյեան-Մովսէսեան հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն լեզուներով բարի գալուստ եւ բարի ունկնդրութիւն մաղթեց ներկաներուն: Սուրբ Ծննդեան, Աստուածայայտնութեան եւ Մկրտութեան խորհուրդը ներկայացնող «Այսօր Տօն է», «Ով Զարմանալի» եւ «Այսօր Ձայնն Հայրական» շարականներով, «Բարսեղ Կանաչեան» երգչախումբը մեկնարկեց իր ելոյթը, որոնց յաջորդեցին Սուրբ Ծննդեան տօնին նուիրուած յայտնի երգերէն «Silent Night»ը (անգլերէն եւ հայերէն լեզուներով) եւ «Սուրբ Ծնունդ»ը: Ռոպերթ Ամիրխանեանի «Դինկ-Դոնկ» եւ «Joy to the world» երգերով աւարտեցաւ համերգի առաջին բաժինը:

Յայտագիրի երկրորդ բաժինը սկսաւ «God Rest ye Merry Gentlemen», «كنا تزين», «O Christmas Tree» եւ «Deck the Halls» ամանորեայ երգերով, որոնց յաջորդեց երաժշտական կտոր մը՝ «O holy Night», կատարողութեամբ դաշնակահար Տիկ. Մարիան Գարագաշեան-Գույումճեանի եւ ջութակահար Տիկ. Թամար Դանիէլեան-Թէմամեանի: Այնուհետեւ յաջորդաբար հնչեցին տօնածառին նուիրուած «Ձմրան տօն» եւ «Նոր Տարի» երգերը: Ռաֆայէլ Պատկանեանի «Երնէկ Թէ Այս Նոր Տարին» բանաստեղծութեան հիման վրայ յօրինուած երգով՝ «Բարսեղ Կանաչեան» երգչախումբը հնչեցուց իր եզրափակիչ աքորտը:

Աւարտին իր հայրական պատգամին մէջ, Թեմիս Առաջնորդ Գերպ. Տէր Մասիս Ծ. Վրդ. Զօպուեան բարձրօրէն գնահատեց «Բարսեղ Կանաչեան» երգչախումբի անդամներուն ծառայութիւնն ու նուիրումը, ինչպէս նաեւ խմբավարին եւ նուագակցողներուն տքնաջան աշխատանքը: Գերպ. Հայր Սուրբը գեղեցիկ համեմատութեամբ մը նոր տարին կապեց նոր եկեղեցւոյ հետ, յիշեցնելով գաղութէս ներս տեղի ունեցող նոր իրադարձութիւնը: Ան յորդորեց բոլորը բարոյապէս եւ նիւթապէս մասնակից դառնալու եկեղեցաշինութեան սրբազան գործին: Ներկայ բազմութիւնը խորապէս տպաւորուած եւ տօնական բարձր տրամադրութեամբ լքեց սրահը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին