Հինգշաբթի, 16. 01. 2025

spot_img

Դեսպան Քոչարեանը Փոխանցած Է ՀՀ Նախագահի Շնորհաւորանքներն ու Նուիրատուութիւնը Լիբանանահայ Հաստատութիւններուն

24 Դեկտեմբերին Լիբանանի ՀՀ դեսպանութեան մէջ տօնական օրերու նախաշեմին կազմակերպուած էր հանդիսաւոր հանդիպում՝ հայկական «Ազդակ», «Զարթօնք» եւ «Արարատ» օրաթերթերու, ինչպէս նաեւ Ժպէյլի «Թռչնոց Բոյն» հաստատութեան եւ Հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու միութեան մտաւոր խնդիրներ ունեցող հայ մանուկներու «Զուարթնոց» կեդրոնի ղեկավարներու հետ:

Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպան Աշոտ Քոչարեանը ներկաներուն փոխանցած է ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի շնորհաւորական նամակները, ինչպէս նաեւ դրամական նուիրատուութիւնը Ամանորի եւ Սուրբ Ծնունդի տօներու կապակցութեամբ:

 

Լիբանանահայ օրաթերթերուն հասցէագրուած ուղերձին մէջ ՀՀ Նախագահը համոզմունքը յայտնած է, որ «ինչպէս այս՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին, այնպէս ալ հետագային նաեւ Ձեր միտքի եւ գրիչի ճկունութեան շնորհիւ՝ պատիւով եւ յաղթանակած դուրս կու գաք բոլոր դժուարութիւններէն ու քարոզչական պատերազմէն՝ շարունակելով բարձր մակարդակով լուսաբանել համահայկական նշա­նակութիւն ունեցող հարցերը: Վստահ եմ, որ հետեւողականօրէն կը ներկայացնեք համայն հայութեան յուզող խնդիրները՝ հրապարակելով յիշարժան նիւթեր Հայաստանի, Արցախի ու Սփիւռքի, հայ ժողովուրդի հարուստ պատմութեան, ժառանգութեան ու արժէքներուն մասին»:

«Թռչնոց բոյն»-ի եւ «Զուարթնոց»-ի տնօրինութեանց հասցէագրուած նամակներուն մէջ, ՀՀ Նախագահը բարձր գնահատած է մանկավարժներու անձնուրաց եւ հայանպաստ գործունէութիւնը՝ ուղղուած հայ մանուկներու եւ երիտասարդներու կրթական ու ֆիզիքական զարգացման եւ անոնց հոգեբանական վիճակի բարելաւման: ՀՀ Նախագահը հաւաստիացուցած է, որ «Հայրենիքը միշտ ձեր թիկունքին է եւ հպարտութեամբ կը հետեւի ձեր յաջողութիւններուն»:

Լրատուամիջոցներու, «Թռչնոց բոյն» հաստատութեան եւ «Զուարթնոց» կեդրոնի ղեկավարները, իրենց խորին երախտագիտութիւնը յայտնած են ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանին՝ շարունակական հոգատարութեան եւ ուշադրութեան համար ու հաւաստիացուցած են, որ ջանք չեն խնայեր շարունակելու իրենց գործունէութիւնը հայապահպանութեան, հայեցի դաստիարակութեան եւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան խորացման ուղղութեամբ:

Ձախէն՝ Շահան Գանտահարեան (Ազդակ), Սեւակ Յակոբեան (Զարթօնք), Լիբնանի մօտ ՀՀ Դեսպանը՝ Պրն. Աշոտ Քոչարեան, Անի Եփրեմեան (Արարատ)
Ձախէն՝ Շահան Գանտահարեան (Ազդակ), Սեւակ Յակոբեան (Զարթօնք), Լիբանանի մօտ ՀՀ Դեսպանը՝ Պրն. Աշոտ Քոչարեան, Անի Եփրեմեան (Արարատ)

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին