Երեքշաբթի, 18. 02. 2025

spot_img

Մեսրոպեանի «Ծիծեռնակ» Երգչախումբը Տօնական Համերգով Աւետեց Քրիստոսի Ծնունդը

21 Դեկտեմբեր 2015-ին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի «Ծիծեռնակ» երգչախումբը գեղեցիկ եւ հոգեպարար երեկոյ մը պարգեւեց մեսրոպեանական մեծ ընտանիքի անդամներուն՝ աշակերտներուն, ուսուցիչներուն, ծնողներուն, բարեկամներուն եւ մեծաթիւ հրաւիրեալներուն, որոնք մօտ մէկ ու կէս ժամ վայելքը ունեցան ունկնդրելու Սուրբ Ծննդեան եւ Կաղանդի փունջ մը երգեր՝ հայերէն, արաբերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն:

«Ծիծեռնակ»ի համերգը կայացաւ ՀԿՄ Յովհաննէս Պօղոսեան սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Պէյրութի հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Հայր Գէորգ եպս. Ասատուրեանի: Ներկայ էին Հայաստանի հիւպատոս պրն. Աշոտ Վարդանեան, ՀՀ դեսպանատան քարտուղար պրն. Դաւիթ Միրզախանեան, Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Հ. Պերճ վրդ. Սապէ, փոխժողովրդապետ Հ. Ղազար վրդ. Պետրոսեան, Անարատ Յղութեան միաբանութեան քոյրեր եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ:

Բացման խօսքը արտասանեց Մեսրոպեանի աշակերտ Ճոնի Պէյլերեան: «Ճիշդ է, որ պիտի երգենք Ծնունդը, սակայն Ծնունդը պարզ հանդէս մը չէ, այլ պատգամ է սիրոյ, մարմնացում խոնարհութեան, ոսկի եւ բացառիկ առիթ մը՝ նախ ներումի, ապա երկրպագութեան մեր Տիրոջ», ըսաւ աշակերտը:
Պարոն Մանուէլ Քէշիշեանի ղեկավարութեամբ, Ծիծեռնակներու մեծ եւ փոքր խումբերը կատարեցին 17 երգեր, առինքնելով ներկաները իրենց մանկական ու պատանեկան ջինջ ձայներով, Սուրբ տօնին խորհուրդը սփռելով անոնց սիրտերուն մէջ: Մեծերու երգեցողութեան ընկերացան Արմէն Տօնէրեան (երգեհոն), Մարինէ Հալաճեան եւ Ալեք Տօնէրեան (ջութակ) եւ Առնօ Տօնէրեան (թաւջութակ):
Համերգի աւարտին խօսք առաւ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստ: Ան նախ Մեսրոպեանի ամբողջ ընտանիքին անունով շնորհաւորեց Հայր Ասատուրեանը եպիսկոպոս օծուելուն առիթով եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոր՝ համերգը հովանաւորելուն համար: Պարոն տնօրէնը գնահատանքի յատուկ խօսք ուղղեց պարոն Մանուէլ Քէշիշեանին, վարժարանին մէջ երգարուեստին ի խնդիր անոր կատարած անխոնջ աշխատանքին եւ վաստակած մեծ աւանդին համար:

Հայր Գէորգ եպս. Ասատուրեան իր սիրտի խօսքը փոխանցեց ներկաներուն, նախ եւ առաջ շեշտելով այն միտքը, որ ներկաները այս երեկոյ լսեցին հրեշտակներու իրական ձայները եւ տեսան զանոնք իրապէս բեմին վրայ: Այդ առումով ան կարեւորեց սիրոյ, խաղաղութեան եւ մանկական խոնարհութեան կարեւորութիւնը բոլորի կեանքին մէջ: Հայր Ասատուրեան նոյնպէս գնահատեց պարոն Մ. Քէշիշեանի վաստակը՝ ուրախութիւն յայտնելով, որ 1983-էն ի վեր անոր սկսած գործը առ այսօր կը շարունակուի՝ հասնող իւրաքանչիւր սերունդի հետ:

Համերգը փակուեցաւ Խորհուրդ Մեծ շարականով, որուն ընկերացան ներկաները, հնչեցնելու համար Մեծ Աւետիսը Քրիստոսի Ծննդեան եւ Յայտնութեան մասին:

Տեղեկատուական Գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

b56791f15bff21

b56791eea76035

b56791ecce0501

b56791f2e83750

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին