Դեկտեմբեր 23-ին ՀՀ կառավարութեան նիստերու մեծ դահլիճի նախասրահին մէջ, ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան եւ Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն հասարակական կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ մեկնարկեց՝ Ամանորի «Սուրիահայ մշակոյթի շունչը Երեւանի մէջ» բարեգործական երկօրեայ ցուցահանդէս-տօնավաճառը, ուր ներկայացուած են սուրիահայերու ձեռագործ աշխատանքներ, ոսկերչական իրեր, ուտեստներ, քաղցրաւենիք եւ բազմատեսակ այլ արտադրանքներ:
Ցուցահանդէս-տօնավաճառ այցելեց ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: Պատասխանելով լրատուամիջոցներու հարցումներուն` ըստ «Հայերն Այսօր»ի ան նշած է. «Սուրիահայերու ձեռքի աշխատանքներու առաջին տօնավաճառը կազմակերպուեցաւ 2013ին, որմէ ետք տարուան մէջ մի քանի անգամ այսպիսի տօնավաճառներու կազմակերպումը դարձաւ աւանդական: Ուրախ եմ, որ ամէն անգամ մեր հայրենակիցները նոր մօտեցումներով, ստեղծագործաբար կը մօտենան ցուցահանդէս-վաճառքին, կ՛աւելանայ տօնավաճառին մասնակցիլ ցանկացողներուն թիւը, իսկ այդ կը նշանակէ, որ ըստ հնարաւորին կը խթանուի մանր եւ միջին առեւտուրի զարգացումը»:
Նախարար Յակոբեան ընդգծած է, որ տեղացի մեր հայրենակիցները Նոր Տարուան շէմին կազմակերպուած այս տօնավաճառէն գնումներ կատարելով, ոչ միայն պիտի աջակցին սուրիահայերու գործի զարգացման, այլեւ հնարաւորութիւն պիտի ունենան իրենց ամանորեայ սեղանները համալրել իւրօրինակ ուտեստներով ու աղանդերներով, իսկ բնակարանները զարդարել սուրիահայ կանանց ձեռքով պատրաստուած զանազան յուշանուէրներով, սիրելի մարդոց մատուցել բարձր ճաշակով ու մեծ արուեստով ստեղծուած նուէրներ:
«Սուրիահայերը իսկապէս իրենց հետ նոր մշակոյթ, աշխատանքի հանդէպ նոր մօտեցումներ ու որակ բերին Հայրենիք: Անոնք բարեխիղճ են եւ օժտուած ձեռքի բացառիկ շնորհքով», նշած է նախարարը: