Հինգշաբթի, 17. 04. 2025

spot_img

ՀՀ Նախագահի Նստավայրին Մէջ Հիւրընկալուած են Սահմանամերձ Համայնքներու Եւ Սուրիահայ Փոքրիկները

ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ տիկին Ռիթա Սարգսեան՝ նախագահի նստավայրին մէջ Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով, հիւրընկալած են սահմանամերձ շարք մը համայնքներու, ինչպէս նաեւ առարկայական մրցոյթներու («Քենկուրու», «Մեղու») մրցանակակիր, սահմանափակ կարողութիւններով եւ Հայաստանի մէջ ապաստան գտած սուրիահայ փոքրիկներ:

Փոքրիկ հիւրերուն ներկայութեամբ հանդիսաւորութեամբ վառած են նստավայրի տօնածառին լոյսերը, եւ մեկնարկած է տօնական ձեռնարկը: Հանրապետութեան նախագահը իր եւ տիկին Ռիթա Սարգսեանի անունով ջերմօրէն շնորհաւորած է մասնակիցները ու բոլոր փոքրիկներուն՝ Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով բարեմաղթանքներ յղած:

Սահմանամերձ համայնքներէն փոքրիկները մայրաքաղաք ժամանած են մէկ օր առաջ, եւ նախագահի նստավայրին մէջ տօնական ձեռնարկին մասնակցելէ բացի, անոնց համար կազմակերպուած է մշակութային լրացուցիչ ծրագիր` այցելութիւն Հայաստանի պատմութեան թանգարան եւ Յովհաննէս Թումանեանի տուն-թանգարան: Փոքրիկներուն համար երէկ նաեւ շրջայց կազմակերպուած է  գիշերային տօնական Երեւանի մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին