Հինգշաբթի, 15. 05. 2025

spot_img

Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Պատմող «Կորուսեալ Թռչուններ» Ֆիլմը Կրնայ Յայտնուիլ «Օսկար»ի Յաւակնորդներու Ցուցակին Մէջ

Հայոց Ցեղասպանութեան մասին Թուրքիոյ մէջ նկարահանուած ֆիլմը, որ կը կրէ «Կորուսեալ թռչուններ» խորագիրը, կրնայ յայտնուիլ ֆիլմերու «Օսկար» մրցանակի յաւակնորդներու ցուցակին մէջ:
Այս մասին ըստ «Արցախփրես»ի  կը տեղեկացնէ Prensa Centro Armenio-ն` նշելով, որ մրցանակաբաշխութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ 2016-ի Փետրուար 28-ին, իսկ յաւակնորդներու վերջնական ցուցակը պիտի հրապարակուի Յունուար 14-ին:  «Կորուսեալ թռչուններ» ֆիլմը կը դիտարկուի որպէս հնարաւոր թեկնածու 11 անուանակարգերու մէջ:
Ֆիլմին սենարի հեղինակն ու բեմադրիչը հայ Արեն  Փերտեճին է,  համաբեմադրիչը թուրք Ալէ Ալեամաջը: Գլխաւոր դերակատարները եւս հայ եւ  թուրք են` ի դէմս Տիլա Ուլուճայի եւ Հերոս Ակոբեանի:  Ֆիլմը սկսած է ցուցադրուիլ Յունիս 30-ին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին