Հինգշաբթի, 23. 01. 2025

spot_img

Թուրքիոյ Մէջ Վթարի Ենթարկուած Է Հայաստանցիներ Տեղափոխող Հանրակառք Մը

Սթամպուլէն Երեւան Հայաստանի քաղաքացիներ տեղափոխող «Ռիչ թուր» ընկերութեան հանրակառքը վթարի ենթարկուած է` զուգահեռ ընթացող այլ հանռակառքի մը անզգոյշ առջեւ անցնլուն պատճառով:
Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան մամուլի ծառայութենէն կը յայտնեն, որ դէպքը տեղի ունեցած է Սթամպուլէն արեւելք` Պոլու քաղաքի մօտ:
Համաձայն Պաթումի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութենէն ստացուած տեղեկատուութեան զոհեր չկան, երեք ճամբորդներ ստացած են թեթեւ մարմնական վնասուածքներ:
Ուղեւորները անվտանգ տեղափոխուած են Սթամպուլ: Ըստ «Ռիչ թուր» ընկերութեան ներկայացուցիչ Նարեկ Մամուլեանի, շուտով հանրակառքը կը նորոգուի եւ բոլոր ուղեւորները  Հայաստան կը տեղափոխուին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին