2015 թուականին աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ, Google–ի միջոցով ամենաշատ փնտռուած անձերու շարքը կը գլխաւորեն արժանթինցի ֆութպոլիստ Լիոնել Մեսսին ու հեռուստաաստղ Քիմ Քարտաշեանը: Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»ը, վկայակոչելով Time ամսագիրի կայքը, անոնց անունները 26 տարբեր երկիրներու մէջ ամենաշատը փնտռած են:
Ամէնէն շատ փնտռուած մարդոց շարքին են նաեւ ֆութպոլիստ Քրիսթիանօ Ռոնալտոն, երգչուհիներ Ռիհաննան եւ Նիկի Մինաժը:
Google-¬ի կողմէ դիտարկուած է եւս Հայաստանը, ուր ամենաշատ փնտռուած անձը Քիմ Քարտաշեանն է: