Շաբաթ, 07. 09. 2024

spot_img

«Անիի Աւերակները» Գիրքը Թրքերէն Թարգմանուած Է

Թուրքիոյ մէջ հայերէնէ թրքերէն թարգմանուած է Հայաստանի պատմական մայրաքաղաք, 1001 եկեղեցիներու քաղաք Անիի հազարամեայ պատմութիւնը ներկայացնող «Անիի աւերակները» գիրքը:
Վանահայր Գրիգոր Պալաքեանի 1910-ին հրատարակուած գիրքը թարգմանած են՝ Սաթենիկ Ուստան եւ Անահիտ Հազարեանը: Գիրքին թարգմանուած տարբերակը «Անցեալի յոգնատանջ վկաները` Անիի աւերակներ» վերնագիրին ներքոյ հրատարակած է՝ Սթամպուլի «Փարոս» հրատարակչութիւնը, «Ակօս» թերթին յղումով կը գրէ Ermenihaber.am-ը:

Դեկտեմբեր 14-ին Սթամպուլի Յունաստանի հիւպատոսութեան մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է գիրքին շնորհանդէսը, որուն մասնակցած են Կ. Պոլսոյ եւ Թուրքիոյ հայ կաթողիկէ համայնքի արքեպիսկոպոս Լեւոն Զեքիեանը, գիրքին հովանաւոր Պետրոս Շիրինօղլուն, Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան հայաստանեան ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեանը եւ Ենիքոյի յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ առաջնորդ Լաքի Վինկասը:

Անիի մէջ վերականգնողական աշխատանքներ իրականացնող ճարտարապետ Իսմայիլ Եաւուզ Օզքայան կարեւոր համարած է, Նիկողայոս Մառի եւ անոր խումբի անգնահատելի ներդրումը՝ Անիի վերաբերեալ պատմահնագիտական աշխատանքներուն մէջ: Մառը մինչեւ 1917 թուականը զբաղած է Անիի վերաբերեալ գիտական ուսումնասիրութիւններով եւ հայոց պատմական մայրաքաղաքի պեղումներով:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին