Կիրակի, 27. 04. 2025

spot_img

«Անահիտ» Մանկական Շարժանկարը Հասանելի Պիտի Դառնայ Ֆրանսախօս Հանրութեան

«Անահիտ» մանկական շարժանկարը հասանելի պիտի դառնայ ֆրանսախօս հանրութեան: Այս մասին ըստ «Արմէնփրես»ի, Դեկտեմբեր 24–ին լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին ըսած է՝ «Ռոպերթ Սահակեանց փրոտաքշն» արուեստանոցի համահիմնադիր եւ մանկական շարժանկարներ պատրաստող Դաւիթ Սահակեանցը:
«Ֆիլմին բնօրինակ ձայնը նոյնը ձգելով, ան կը համալրուի ֆրանսերէն ենթավերնագիրներով, որպէսզի ֆրանսախօս եւ հայախօս հանրութիւնը միաժամանակ կարենայ դիտել զայն»,¬ նշած է Դաւիթ Սահակեանց:
Ընթացիկ տարին «Անահիտ» շարժանկարը անվճար ներկայացուած էր Ֆրանսայի չորս քաղաքներու մէջ, որ շարժանկարի ստեղծողները գնահատած են բարձր, քանի որ անոնց համար հետաքրքրական էր նաեւ Սփիւռքի կարծիքը: «Մեզի համար կարեւոր էր, թէ ան ինչպէս կ’ընդունի Հայաստանի սահմաններէն դուրս բնակող հայ համայնքը: Ապրելով եւ գործելով Հայաստանի մէջ` մենք գիտենք, թէ ինչ կ՛ընենք եւ ներհայաստանեան կարծիքը մեզի համար սպասելի էր», ըսած է Դաւիթ Սահակեանց:
Շարունակելով խօսիլ «Անահիտ» մանկական շարժանկարի ցուցադրութիւններուն մասին, «Ռոպերթ Սահակեանց փրոտաքշն» արուեստանոցի համահիմնադիրներէն մէկը աւելցուցած է, որ անիկա «Շարմ» Հոլտինկի եւ Մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեան շնորհիւ, այս տարի ցուցադրուած է նաեւ Հայաստանի ու Արցախի տարբեր քաղաքներու մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին