ՄԱԿի գլխաւոր քարտուղար Պան Քի Մուն յոյս յայտնած է, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն հանդիպումը պիտի մօտեցնէ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման խաղաղ գործընթացը: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Արմէնփրես»-ը վկայակոչելով «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատուական գործակալութիւնը:
Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներ Սերժ Սարգսեան եւ Իլհամ Ալիեւ Դեկտեմբեր 19-ին բանակցութիւններ վարած էին Պերնի մէջ: «Կը կարծեմ, որ գագաթաժողովը երկու կողմերուն հնարաւորութիւն ընձեռեց քննարկելու հրադադարի խախտումներուն եւ քաղաքացիական բնակչութեան մէջ զոհերու թիւի նուազեցման ուղղուած գործնական քայլերը, որպէսզի մօտեցնեն խաղաղ գործընթացը», ըսուած է համաշխարհային կազմակերպութեան ղեկավարին յայտարարութեան մէջ:
Պան Քի Մուն նաեւ ընդգծած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներուն գործունէութիւնը, որոնք կազմակերպած էին Զուիցերիոյ գագաթաժողովը: Ան յորդորած է Պաքուին եւ Երեւանին Մինսքի խոիմբին հետ սերտօրէն համագործակցելու լարուածութեան յետագայ թուլացման շուրջ, ինչպէս նաեւ ձեռնպահ մնալ այնպիսի գործողութիւններէ, որոնք կրնան յանգեցնել նոր բռնութիւններու: